Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը պայքարին թրքական աշխարհի միութեան համար

Թուրքիա եւ ԱզրպէյճանԹրքական Worldbulletin.net կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք 13 Յուլիսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին շուրջ Հայաստանի հետ հակամարտութեան մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ աջակցութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Պաքուի մէջ Թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական համախմբումի (ԹԵԽՀ) հինգերորդ նիստի ընթացքին։
«ԹԵԽՀ-ի մէջ մենք երբեք չենք դադրիր Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան աջակցելէ եւ հայկական բռնագրաւումին դէմ համակարգուած քայլերու աջակցելէ», ըսած է Չիչեք՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանք թափել ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու։
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կարգին յայտնած է, որ հասարակաց արմատներ ունեցող երկիրները պէտք է իրարու հետ աւելի սերտ կապեր հաստատեն, իսկ թրքական հանրապետութիւններուն մեծագոյն նպատակը թրքական աշխարհի միութիւնն է։
Ալիեւ ըսած է. «Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն բացի թրքական աշխարհի միութեան համար պայքարող որեւէ այլ երկիր չկայ»՝ աւելցնելով. «Մենք մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն ենք»։
http://horizonweekly.ca/news/details/41855

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ