Քոնկրեսը վաղը պիտի քուէարկէ Թուրքիոյ կողմէ եկեղեցական գոյքի վերադարձման հարցը

ՔոնկրեսԱմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յունիս 26ին քուէարկութեան պիտի դնէ Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցական գոյքի վերադարձման վերաբերող «HR-4347» բանաձեւը:
Բանաձեւը Քոնկրեսին ներկայացուցած են Էտ Ռոյսը ու Էլիըթ Էնկըլը: Անիկա արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ ամէն տարի հաշուետու ըլլալ Քոնկրեսին առջեւ, թէ արդեօք Թուրքիան պատրա՞ստ է վերադարձնելու առգրաւուած գոյքն ու ունեցուածքը ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ՝ Կիպրոսի գրաւեալ հատուածին մէջ: Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր վերադարձին մասին 2011ի դեկտեմբեր 13ին ընդունուած «HR-306» բանաձեւը: «HR-4347»ը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ընէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու, քրիստոնեաներու գոյքերը վերադարձնելու եւ յարգելու անոնց սեփական հաւատքը դաւանելու իրաւունքը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ամերիկահայերուն կոչ կ՛ընէ յունիս 24ին հեռաձայնելու իրենց քոնկրեսականներուն կամ գրառում կատարելու անոնց «Ֆէյսպուք»ի կամ «Թուիթըր»ի էջերուն վրայ՝ պահանջելով անոնցմէ քուէարկել «HR-4347»ին յօգուտ:
Յիշենք, որ 2011ի դեկտեմբեր 13ին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական ունեցուածքը վերադարձնելու մասին «HR-306» բանաձեւը: Նոյն տարուան ամրան, Ներկայացուցիչներիու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով քուէարկած էր քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձման օգտին: Այս տարուան Մարտին, նմանատիպ բանաձեւ մը եւս (H.Res.180) ընդունուեցաւ՝ յունական լոպիի ճնշումին իբրեւ հետեւանք:
http://asbarez.com/arm/196200/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ