Վանի հայութեան զինեալ ինքնապաշտպանութեան շղթայազերծումը

ՀԵՏՈՍԱՊԱՏՈՒՄՀայ ժողովուրդի պատմութեան մեծախորհուրդ պահերէն հանդիսացաւ 16 յունիսի 1896-ը, երբ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ Կարմիր Սուլթանին խստացուցած հայաջնջումի քաղաքականութեան դէմ, որ 1894-էն ի վեր մոլեգնելով, իր ամբողջական կատաղութեամբ ու վայրագութեամբ, արդէն հարիւր հազարներով անզէն հայերու անմեղ արիւնով ներկած էր Արեւմտահայաստանի մեր սուրբ հողը։
Ն.
16 յունիսին 118 տարի առաջ, Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը իր առաջին՝ յանդուգն քայլը նետեց թուրքական հայաջինջ հարւածները դիմագրաւելու, զինեալ ինքնապաշտպանութեամբ իր ազգային գոյատեւման իրաւունքը նւաճելու երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծախորհուրդ պահերէն հանդիսացաւ 16 յունիսի 1896-ը, երբ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ Կարմիր Սուլթանին խստացուցած հայաջնջումի քաղաքականութեան դէմ, որ 1894-էն ի վեր մոլեգնելով, իր ամբողջական կատաղութեամբ ու վայրագութեամբ, արդէն հարիւր հազարներով անզէն հայերու անմեղ արիւնով ներկած էր Արեւմտահայաստանի մեր սուրբ հողը։
Վանը հայկական յեղափոխութեան գլխաւոր բնօրրաններէն մէկն էր։ Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած ազգային-ազատագրական զարթօնքի օրերէն Վանը եղած էր օսմանեան բռնակալութեան եւ անոր հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ հայկական ըմբոստացման գաղափարական հնոցը։ Հոն ստեղծւած էր Հայկական Ազատամարտի առաջին կազմակերպութիւնը՝ Արմենական կուսակցութիւնը, 1885-ին։ Նաեւ 1887-ին հիմնւած Հնչակեան կուսակցութիւնը Վասպուրականի վրայ կենտրոնացուցած էր իր գործունէութիւնը՝ իբրեւ Երկրի մէջ յեղափոխական շարժման ծաւալումին կարեւորագոյն խարիսխը։ Նոյնպէս եւ 1890-ին կազմւած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, առաջին իսկ օրէն, դէպի Վան ուղղեց քայլերը սահմանը հատող եւ Դէպի Երկիր զէնք հասցնող գաղափարի իր մարտիկներուն։
Այդպէ՛ս՝ Դաշնակցութեան ֆեդայական սերունդի ռահվիրաներէն անվեհեր Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) գլխաւորութեամբ, Վանի մէջ գործող յեղափոխական երեք կուսակցութեանց անդամ երիտասարդ հայորդիները, 16 յունիսի 1895-ին, ունեցան իրենց առաջին՝ միացեա՛լ ուժերով զինեալ ընդհարումները Սուլթան Համիդի կազմած քուրդ եւ թուրք «Համիդիէ» վոհմակներուն հետ։
Թուրքեւռուսական սահմանը հատող եւ Երկրի հայութեան ինքնապաշտպանութեան փութացող յեղափոխական հայորդիներու շարքին բախտորոշ եղաւ գործունէութիւնը Կարսի ծնունդ անզուգական Պետոյի։ Պետօ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ, 1892-էն սկսեալ, Վանի եւ շրջակայքի հայ ըմբոստ երիտասարդութիւնը ի մի խմբելու, յեղափոխական կուռ կազմակերպութեան մէջ միաձուլելու, զինելու եւ զինւորապէս պատրաստելու ուղղութեամբ։
Խօսքն ու Գործը, իր անձնական օրինակով, առաւելագոյն ներդաշնակութեան մէջ պահող տիպար յեղափոխականն էր Պետօ, որ ի վիճակի եղաւ համերաշխութեան հողը մշակելու հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն միջեւ։ Արմենականն ու հնչակեանը Պետոյի հաւաքագրած դաշնակցականներուն մէջ գտան կռւի միեւնոյն խրամին մէջ անձնւէր պայքար մղող զէնքի ու գաղափարի իրենց ընկերները։ Եւ պատահական չէր, որ Պետօ նահատակւեցաւ արմենական Աւետիսեանի ու հնչակեան Մարտիկի հետ կողք-կողքի, հարիւրաւոր հայ յեղափոխականներու 1896-ին Վանէն հեռացումը առաջնորդելու ժամանակ, քրդական մազրիկ ցեղին կողմէ պաշարւելով եւ օրհասական կռիւ մղելով։
Այս առումով՝ հայ յեղափոխական շարժման մարտական ուժեղացման, ազգային-քաղաքական հասունացման եւ ներքին համերաշխութեան ամրագրման ուղղութեամբ, հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանակալից դրւագներէն մէկը եղաւ 16 յունիսի 1896-ը։
1894-1895-ի Սասնոյ, Երզնկայի եւ Կարինի մէջ անզէն հայութեան դէմ ծաւալած համիդեան կոտորածները ահազանգային նշանակութիւն ունեցան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայ յեղափոխական գործիչներուն համար։ Հակառակ Վանի նահանգին մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական ներկայացուցիչներու կենտրոնացումին եւ Համիդեան հայասպան քայլերուն դէմ անոնց միջամտութիւններուն՝ Կարմիր Սուլթանը կորոճար Վանը եւս արեան մէջ խեղդելու դաւադիր ծրագիրներ։ Սասնոյ կոտորածները մեծ ընդվզում առաջացուցած էին Եւրոպայի ազատախոհ շրջանակներուն մօտ, որոնք իրենց կառավարութիւններէն կը պահանջէին արագ եւ ազդու միջամտութիւն կատարել՝ սանձելու համար Համիդի հայաջնջման քաղաքականութիւնը։
Համիդ առանձին չէր առանց հայերու Հայաստանը իրականացնելու եւ զայն իր կայսրութեան անբաժանելի մասը դարձնելու քաղաքականութեան մէջ։
Նոյն ախորժակներով կօրօրւէր, հեգնականօրէն, Օսմանեան Թուրքիոյ մրցակիցը՝ Ցարական Ռուսաստանը, որ իր կարգին կայսերական քաղաքականութեան վերածած էր առանց հայերու Հայաստանի մը ձեռքբերման նպատակը՝ Արեւելահայաստանի վրայ կենտրոնացնելով հայաթափման եւ ռուսացման նենգ ծրագրին գործադրութիւնը։
Ընդհանուր զարգացումներու այս պաստառին վրայ, 1896-ի գարնան Վան ժամանեց Հայկական Նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագրին գործադրութեան հսկող խառն Քննիչ յանձնաժողովը, որուն մաս կազմող եւ Համիդը ներկայացնող Ֆերիդ Սաադէդդին փաշան, առանց ժամանակ կորսնցնելու, գործի անցաւ եւ շարժման մէջ դրաւ Համիդեան կոտորածները Վասպուրականի տարածքին եւս իրականացնելու ծանօթ բեմագրութիւնը։
Մէկ կողմէ Վան քաղաքին մէջ հայոց առաջնորդ Սահակ վարդապետին եւ անոր շուրջ խմբւած ազգային ջոջերուն հետ հանդիպումներու շարք մը ունենալով՝ Ֆերիդ փաշայի յանձնաժողովը հետեւողաբար կրկնեց բարենորոգումներու ծրագրին իրականացման համար իր ունեցած «միակ պայմանը»՝ հայ յեղափոխականներու անձնատւութիւնը կամ Վանէն հեռացումը (յատկապէս «դուրսէն եկածներուն»)։ Վանի ֆրանսիական, անգլիական եւ ռուսական հիւպատոսները ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերեցին այդ պահանջին։
Միւս կողմէ Վանի շրջակայ գաւառներուն մէջ, ուր Արմենականները ընդհանրապէս կառոյց ստեղծած չէին, Հնչակեանները կազմակերպականօրէն արմատաւորւելու յաջողութիւն ունեցած չէին եւ միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ Նիկոլ Դումանի, Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) եւ Վարդանի (Սարգիս Մեհրաբեան, հետագայ Խանասորի արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարը) խումբերով նոր սկսած էր շարժում առաջացնել ու կազմակերպութիւն ստեղծել, Սաատէդդին փաշան անձամբ կապ հաստատեց քուրդ ցեղապետերուն հետ՝ անոնց կանաչ լոյս տալով անպաշտպան հայերուն դէմ թալան ու կոտորած կատարելու ուղղութեամբ, թուրքական զօրքի աջակցութիւնը խոստանալով։
Մինչ Վանի հայութեան ներկայացուցիչները կը քննարկէին մայիսի վերջերուն Վան հասած Քննիչ յանձնաժողովին կողմէ տրւած հայ յեղափոխականներու յանձնումին կամ հեռացման պահանջ-նախապայմանը, Ֆերիդ Սաադէդդին փաշա արագացուց բիրտ ուժով իր նպատակին հասնելու դաւադրութեան իրագործումը։
Յունիսի առաջին օրերէն սկսեալ՝ հրահանգեց ոստիկանութեան, որ խուզարկեն հայահոծ Այգեստանի բնակարանները՝ թաքնւած հայ յեղափոխականներ եւ զինապահեստներ գտնելու պատրւակով։ Այդ խուզարկութեանց ընթացքին ոստիկաններ դիմեցին նաեւ գրգռիչ քայլերու, որոնց ամենէն աղմկայարոյցը եղաւ վանեցի երիտասարդ դաշնակցական Վազգէնի (Տիգրան Տէրոյեան) տան խուզարկութիւնը. Վազգէնը հոն չգտնելով, ոչ ալ որեւէ զէնքի ու զինամթերքի պահեստ գտնելով, թուրք ոստիկանները խոշտանգեցին եւ անպատւեցին Վազգէնի մայրն ու քոյրը՝ Զարուհին, որ յարգւած ուսուցչուհի էր եւ յեղափոխաշունչ հայուհի։
Միջադէպին առաջացուցած ընդհանուր ընդվզումը դեռ չհանդարտած՝ Ֆերիդ Սաադէդդին փաշայի դրդումով՝ յունիսի 15-16-ի լուսցող գիշերը թուրք գիշերապահ զինւորներ կրակեցին Այգեստանի մէջ հայ երիտարդներու վրայ, որոնք, սակայն, դիմադարձեցին եւ երկու թուրք զինւոր սպանեցին ու աստիճանաւոր մը ծանրօրէն վիրաւորեցին։
Յունիսի 16-ի առաւօտեան թուրք զինւորները իրենց երկու մեռելները ցուցադրեցին շուկային կենտրոնը՝ գրգռելով թուրք եւ քուրդ ամբոխին հակահայ մոլուցքը։
Հակառակ անոր, որ Վանի հայ ներկայացուցիչները ժողովի մէջ էին Քննիչ յանձնաժողովին, եւրոպացի հիւպատոսներուն եւ Վանի կուսակալին հետ, յետմիջօրէի ժամը 3-ին թուրք զինւած ամբոխը, զօրքի եօթը թնդանօթներու պաշտպանութեան տակ, ընդհանուր յարձակումի անցաւ Այգեստանի վրայ։
Եւ սկսաւ Վանի հայութեան առաջին ինքնապաշտպանութիւնը, որ աւելի քան շաբաթ մը տեւեց՝ թրքական զօրքի եւ զինւած ամբոխի շարունակական յարձակումները յետ մղելով եւ Վան-Այգեստանի հայութեան զանգւածային սպանդի համիդեան ծրագիրը ձախողութեան մատնելով։
Թէեւ ինքնապաշտպանութեան կռիւները վերջ գտան աւելի քան 500 հայ յեղափոխականներու եւ անոնց ընկերակցող շուրջ 1500 հայ երիտասարդներու քաղաքէն հեռացումով ու, ճանապարհին, քանի մը յաղթական կռիւներ մղելէ ետք՝ անոնց մեծ մասին կոտորածով, բայց այդպիսով վերջնականապէս փակւեցաւ Վանի հայութեան «օրինապահ»՝ ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը եւ սկսաւ սեփական ուժերով ինքնապաշտպանութեան պատրաստւելու երկարամեայ պայքարը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն պսակւեցաւ յաղթանակով։
Այս բոլոր առումներով՝ 16 յունիսի 1896-ը, հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ, եղաւ ճշմարտութեան պատին առջեւ կանգնելու օրհասական պահ մը։
Մէկանգամընդմիշտ հաստատեց որ՝
1) Թուրքական պետութիւնը, ով որ ալ կանգնած ըլլայ անոր ղեկին, կատաղօրէն պիտի փորձէ թաղել Հայկական Հարցը, ի հարկին ցեղասպանութեան դիմելով։
2) Եւրոպական դիւանագիտութիւնը, նոյնիսկ երբ յանուն մարդկային իրաւանց ու մեծ սկզբունքներու, զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ հայկական արդար պահանջատիրութեան, գործնականին մէջ եւ էապէս իր նեղ շահերէն անդին ոչ մէկ շահագրռութիւն ունի. միշտ պատրաստ է հայութիւնը զոհաբերելու իր մրցախաղերուն։
3) Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, որքան ալ բարեփոխւին ժամանակները եւ քաղաքակիրթ ճանապարհով ազգամիջեան վէճերը հարթելու կոչեր հնչեն. պարզապէս, «կը քաղաքակրթւին» զէնքերու տեսակներն ու պատերազմի ռազմարւեստը…
4) Առասպել է հայոց անմիութիւնն ու անմիաբանութիւնը, որովհետեւ հայ ժողովուրդին չեն պակսիր օրհասական վտանգը միասնական ճակատով դիմագրաւելու վճռականութիւնն ու մարտունակութիւնը. Վանի առաջին ինքնապաշտպանութեան եռանդամ ղեկավարութիւնը անվիճելի վկայութիւնն է։
Ազգային ու պատմական իր այս դասերուն համար միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք 1896 թւականի յունիսի 16-ը
Alikonline.ir

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ