Ապրիլ 24, 2015ը կը նշանաւորէ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը: 100 տարի՝ այն թուականէն, երբ Օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ սկսաւ ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ:
100 տարիներ յետոյ՝ 1915ին սկսած եւ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ձգտող Թուրքիոյ ցեղասպանական ծրագիրը հայութեան դէմ կը շարունակուի զանազան ձեւերով ու միջոցներով, երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին համար, երբ ուրացման դէմ անպատժելիութիւն կը կիրարկուի նոյնիսկ յառաջադէմ ընկերութիւններու ու երկիրներու կողմէ, երբ տակաւին որպէս արդիւնք ցեղասպանութեան՝ սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը, երբ մեր եկեղեցիներն եւ յուշակոթողները կը թալանուին նոյն ցեղասպանին կողմէ, երբ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական մեր հողերը:
Այսօր, հայ ժողովուրդը, աշխարհի բոլոր կողմերը, միասնական ոգիով ու ամուր վճռակամութեամբ կը յիշէ իր դէմ գործադրուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ արդարութիւն կը պահանջէ, ու միաժամանակ հաստատ կամքով կը նշանաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը նշող թուականը, որպէս հայութեան հանդէպ արդար հատուցման պահանջքը պայմանաւորող հանգրուան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումը յիշեցում մըն է նաեւ միջազգային համայնքին, թէ Թուրքիան բաց հաշիւներ ունի հայութեան ու համայն մարդկութեան առջեւ, երբ կը շարունակէ անտեսել մարդկային, բարոյական ու իրաւական համաշխարհային արժէքներն ու սկզբունքները:
Համազգային շարժումին կը միանայ Յունաստանի մէջ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միացեալ մարմինը, որ բազմազան նախաձեռնութիւններով պիտի նշէ 100ամեակի իմաստն ու հայութեան պահանջատէր կեցուածքը:
Յունաստանի միացեալ մարմինը կազմուած է Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան համագործակցութեամբ:
Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր հայրենակիցներուն՝ միահամուռ կամքով զօրավիգ կանգնինք Մարմինի ծրագիրներուն եւ մասնակից դառնանք բոլոր միջոցառումներուն, բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի արժանավայել ոգեկոչման յունահայ գաղութէն ներս:
Արժեւորենք խորհրդանշական այս թուականը՝ միասնականութիւնն ու վճռակամութիւնը դարձնելով մեր աշխատանքներու մղիչ ուժը:
Գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ տէր կանգնինք մեր արդար իրաւունքներուն:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
http://asbarez.com/arm/196149/

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Յունաստանի միացեալ մարմինի յայտարարութիւնը
•
Leave a Reply