Վանի հայութեան յեղափոխական կամքին եւ դիմադրական ուժին հերոսական դարբինը՝ Պետօ (Աղեքսանդր Պետրոսեան, 1870-1896)

Աղեքսանդր ՊետրոսեանՅունիսի այս օրերուն, 1896-ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցւած, չար թշնամու գնդակով»…
Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակւեցաւ անզուգական Պետօն:
Ն.
Յունիսի այս օրերուն, 1896-ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցւած, չար թշնամու գնդակով»…
Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակւեցաւ անզուգական Պետօն:
Ամբողջ յունիս ամիսը, այդ տարի, օրհասական օրեր բաժին հանեց Վան-Այգեստանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրական գաւառի հայութեան:
Կարմիր Սուլթանը վճռած էր արեան մէջ խեղդել հայոց ազգային-ազատագրական շարժման զէնք, զինամթերք եւ մարտական ուժ հասցնող արեւելեան սահմանեզրի հայութիւնը: Զէյթունէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն եւ Կարինէն ետք, կարգը եկած էր Վասպուրականի հայութեան: Եըլդըզի պալատէն արձակւած էր ընդհանուր կոտորածի հրահանգը: Միայն մէկ ընտրանք ունէր հայութիւնը. անխուսափելի մահւան դէմ կուրծք ցցել, զէնք վերցնել եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղել՝ քաջ գիտակցելով, որ իրեն կը սպասէր անհաւասար ուժերով ճակատում մը, ուր ստոյգ մահւան վտանգին դէմ իրեն կը մնար զէնքի ուժով պաշտպանւելու եւ փրկւելու միակ յոյսը: Եւ տեղի ունեցաւ Վանի առաջին ինքնապաշտպանութիւնը:
Ամբողջ շաբաթ մը հայահոծ Այգեստանը դիմադրեց թուրքական կանոնաւոր զօրքին եւ անոր միացած քուրդ ասպատակողներու գրոհներուն:
Մինչ գաւառային շրջաններուն մէջ, յատկապէս յեղափոխական կազմակերպութենէ զուրկ գիւղերու պարագային՝ անզէն հայութիւնը հազարներով կոտորւեցաւ, անդին՝ Վան-Այգեստանի մէջ, հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց միացեալ ուժերով մղւած ինքնապաշտպանական կռիւներուն շնորհիւ՝ հայութիւնը փրկւեցաւ ստոյգ կոտորածէ:
Բայց, ահաւոր էր դաւադրութիւնը եւ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսներու պիղատոսեան հայեացքին տակ, նոյնիսկ մեղսակցութեամբ, Վանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւը կազմակերպած ու յաջողութեամբ պսակած հայ յեղափոխականներէն պահանջւեցաւ հեռանալ շրջանէն:
Այդ պահանջին, յատկապէս դուրսէն եկած յեղափոխական գործիչներու հեռացման յորդորներուն, ձայնակցեցան նաեւ նոյնինքն Վանի հայութեան հոգեւոր առաջնորդը, ազգային իշխանութեանց պատասխանատուները եւ ազգի երեւելի ջոջերը:
Հայ յեղափոխականները՝ արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի ու դաշնակցական Պետոյի միացեալ ղեկավարութեամբ, իրենց զէնքերով, հեռացան Վասպուրական աշխարհէն՝ սահմանը հատելու եւ Պարսկաստան անցնելու նպատակով:
Բայց թուրքական զօրքերը գաղտնի հրահանգ ունէին հետապնդելու նահանջող հայ մարտիկները եւ կոտորելու զանոնք ճամբու ընթացքին՝ ընդհանրապէս հայ անզէն բնակչութեան դիմադրական կորովը ջախջախելու նպատակով:
Նահանջի ճանապարհին եւս հայ յեղափոխականները ինքնապաշտպանական քաջարի կռիւ մղեցին, քանի մը օր շարունակ յետ մղեցին թուրքական զօրքերն ու կրցան ճեղքել անոնց պաշարման օղակները: Բայց, թուրքական զօրքին շարունակ օգնութեան հասան քրդական ցեղախումբերը, որոնցմէ յատկապէս մազրիկ ցեղը, Շարաֆ բէկի գլխաւորութեամբ, իսկական պատուհասը դարձաւ արդէն ուժասպառ դարձած եւ զինամթերքը սպառած հայ յեղափոխականներուն: Եւ այդպէ՛ս, անհաւասար ուժերով մղւած մարտերու մէջ, հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ մինչեւ վերջին շունչ կռւեցան ու զոհւեցան:
Եւ այդպէ՛ս, յեղափոխական երգի սրտաճմլիկ բառերով՝ մինչեւ իր արեան վերջին կաթիլը կռւելով նահատակւեցաւ քաջարի յեղափոխականը՝ ՊԵՏՕ անուն անմահը:
Աւազանի անունը Աղեքսանդր Պետրոսեան էր: Ծնած էր Կարս, 1870-ին, չքաւոր ընտանիքի մը յարկին տակ: 1890-ին, երբ նոր կը կազմւէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, Պետօ քսանամեայ ուսուցիչ էր Ալեքսանդրապոլի մէջ: Անմիջապէս միացաւ նորակազմ կուսակցութեան եւ ուղղւեցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար:
Պետօ Վան հասաւ 1890-ի վերջերուն՝ իբրեւ նէոքար (ծառայ) ծպտւած. ոտքին տրեխներ եւ գլխուն՝ բուրդէ փափախ, ինչպէս որ կը վկայէ «Դրօշակ», 1896-ին, յետ մահու Պետոյին նւիրւած իր առաջնորդող յօդւածով: Այդպէս աննկատ շրջեցաւ Վասպուրական աշխարհով մէկ: Մօտէն ծանօթացաւ եւ անձամբ իր մորթին վրայ կրեց հայ գեղջուկին բաժին ինկած չքաւոր կեանքի դաժանութիւնն ու կեղեքումները: Ամբողջ երկու տարի այդպէս գործեց եւ ծայրագոյն գաղտնապահութեամբ, Այգեստանի եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, հիմը դրաւ դաշնակցական կառոյցներու: Եւ ամէն անգամ, որ թուրքերու, քուրդերու եւ մինչեւ իսկ յեղափոխութենէն սարսափող հայերու կողմէ նկատւած ըլլալու կասկածը ունեցաւ, Պետօ իր տեսքն ու արհեստը փոխեց. եղաւ փերեզակ կամ բուրդ մանող, բայց անվհատ շարունակեց սեփական ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ մօտէն շփւելու, յատկապէս երիտասարդներուն հասնելու եւ զանոնք իր յեղափոխաշունչ ոգիով ներգրաւելու ընդյատակեայ աշխատանքը:
Պետոյի յեղափոխական գործունէութեան դարձակէտը եղաւ 1892-ին իր մասնակցութիւնը ՀՅԴ Առաջին Ընդհանուր ժողովին, Թբիլիսիի մէջ, ուրկէ Վան վերադարձաւ՝ իբրեւ շրջանի ՀՅԴ լիազօր ներկայացուցիչը եւ արդէն կովկասահայ երիտասարդներէ բաղկացած յեղափոխականներու սեփական խումբով, զէնքով ու զինամթերքով:
Դաշնակցական գործիչներու երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Արամ Մանուկեան, հետագային գրւած իրենց յուշերուն մէջ, վկայակոչելով 1890-ականներու սկզբնաւորութեան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան յեղափոխական կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցած առաջին գործիչները, կառանձնացնեն եւ յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտեն Պետոյի ունեցած մեծակշիռ դերակատարութիւնը:
Պահպանողական վանեցիներու մէջ յեղափոխական մարտունակութեան ոգին արթնցնելու եւ, մանաւա՛նդ, մեղկ ու սնափառ յեղափոխականներէն վանեցիներու ունեցած հիասթափաթիւնը յաղթահարելու առումով՝ Պետօ ուղղակիօրէն հրաշք գործեց Վասպուրականի մէջ վեցամեայ իր գործունէութեան շրջանին:
Հայ Յեղափոխականի Ամբողջական Տիպարը եղաւ Պետօ: Արժանաւորապէս մարմնաւորեց ամէն կարգի զրկանքներու դիմացող եւ ամենէն օրհասական պահերուն անգամ յեղափոխական իր ոգեւորութիւնը վառ պահող Հայ յեղափոխականը: Պատահաբար չէր, այլ իր նկարագրին ուժով եւ գաղափարական անկոտրում հաւատքին շնորհիւ էր, որ Պետօ կրցաւ շատ արագ իր շուրջ համախմբել Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութեանց սկզբնապէս միացած, բայց շուտով անոնցմէ հիասթափւած ու մէկ կողմ քաշւած Այգեստանի երիտասարդութիւնը: Այդպիսին էր աննման Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), որ միացաւ Դաշնակցութեան եւ դարձաւ Պետոյի աջ բազուկը, իսկ անոր նահատակութենէն ետք, միեւնոյն ոգիով եւ ուղիով, շարունակեց անոր սկսած մեծ գործը: Յեղափոխական ցուցամոլութեան դէմ իր անհաշտ պայքարին եւ խստակեաց ու խստապահանջ վարքուբարքին շնորհիւ էր, նաեւ, որ Պետօ յաջողեցաւ միջկուսակցական համերաշխութեան հողը պատրաստել Վասպուրականի հայութեան մէջ: Նոյնպէս, հայկական յեղափոխութեան արմատաւորումին եւ ամրապնդումին համար, ռազմավարական կարեւորութիւն տւաւ գաւառի եւ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Այդ պատճառով ալ՝ թէեւ Դաշնակցութիւնը ուշ մտաւ Վան, բայց եղաւ առաջինը, որ զինեց ու մարտականօրէն կազմակերպեց Վասպուրականի գաւառային շրջանները:
Պետօ երկար չապրեցաւ: Իր անձին օրինակով յեղափոխական շարժում առաջացնող եւ մարտունակ կազմակերպութիւն ստեղծող անզուգական գործիչը հազիւ 26 տարեկան էր, երբ 1896-ի յունիսի այս օրերուն, որոշապէս յունիս 20-էն 24 երկարած հայ յեղափոխականներու նահանջի օրերուն, ինկաւ զէն ի ձեռին, յանուն հայ ժողովուրդի ու Երկրի պաշտպանութեան:
Բայց, իր մահով Պետոյի սկսած գործը ոչ միայն կանգ չառաւ, այլեւ յաւելեալ թափով ու ոգեւորութեամբ յառաջ մղւեցաւ:
Ինչպէս որ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» օրին գրեց. «Դու ընկար ընկերներիդ հետ, անվհա՛տ գործի՛չ, ձեր մարմինները պատառպատառ, ձեր ոսկորները ցիրուցան են՝ «Հանգի՛ստ ոսկերացդ» չենք կարող ձեզ ուղղել, բայց տեսէ՛ք, ձեր ընկերները ոգեւորւած ձեր հերոսական կեանքով ու մահով, չտեսնւած կատաղութեամբ հարւածներ են թափում արիւնարբու թշնամու գլխին. տեսէ՛ք, գազանը հոգեվարքի մէջ է, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ հայ ազգը ցնծութեան մէջ կը մաղթի՝ «Հանգի՛ստ ձեր բազմատանջ հոգիներին, ազատութեան նահատակնե՛ր»:
Alikonline.ir

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ