ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան Աւստրալիոյ հարիւրամեակի յանձնախումբը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը` ելոյթ ունենալու Սիտնիի եւ Մելպուռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ ապրիլ 24-ի շաբթուան ընթացքին պաշտօնական ճառով հանդէս գալու Նոր Հարաւային Ուէլսի խորհրդարանին մէջ:
Ապրիլ 27ին Աւստրալիոյ թրքական շահերու պաշտպանութեան միութիւնը երեք էջնոց նամակ յղեց խորհրդարանի բոլոր անդամներուն` կոչ ընելով պոյքոթի ենթարկել ելոյթս: Խորհրդարանի անդամներէն մէկը նամակին պատճէնը փոխանցեց Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին` ելոյթիս նախօրէին: Հմտօրէն շարադրուած նամակը, ամենայն հաւանականութեամբ` գրուած Թուրքիոյ դեսպանատան արհեստավարժ լոպիստներու կողմէ, քանի մը սխալ պնդումներ եւ զրպարտիչ մեղադրանքներ կը պարունակէր:
Թրքական ժխտողականութեան խումբը կը ձգտէր Անգարայի մարդու իրաւունքներու սահմանափակումները ներմուծելու Աւստրալիոյ նման ժողովրդավարական երկիրի մը մէջ` փորձելով սահմանափակել ոչ միայն տուեալ ելոյթ ունեցողին խօսքի ազատութիւնը, այլ նաեւ խորհրդարանին` իր ընտրած անձերը հրաւիրելու իրաւունքը: Զիս անուանելով «փրոփականտիստ», որ` «օգուտ կը քաղէ հակամարտութենէն եւ ատելութենէն», թուրքերը իրենց նամակին մէջ «խստօրէն» խորհուրդ տուած էին երեսփոխաններուն ներկայ չըլլալ ելոյթիս:
Աւստրալիոյ թրքական միութեան գործադիր տնօրէն Կիւնեշ Կիւնկորը տարածած էր կեղծ յայտարարութիւն, որ իբր թէ ես Համբիկ Սասունեանի «ազգական»-ն եմ, այն պարզ պատճառով, որ կը կրեմ միեւնոյն մականունը: Համբիկը մեղաւոր ճանչցուած է 1982 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսի սպանութեան համար: Թէեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը շատ արժէքաւոր է, սակայն Կիւնկորը կոկորդիլոսի արցունքներ կը թափէ միայն թուրք դիւանագէտի մը մահուան առիթով` անտեսելով 1.5 միլիոն անմեղ հայերու հաւաքական սպանութիւնները® Որքա՞ն հաճելի է Կիւնեշ Կիւնկորին, եթէ «ազգակցական» կապ ունենալուն մէջ զինք մեղադրեմ քանի մը յանցագործներու հետ, զորս գտած եմ համացանցի միջոցով, միայն այն պատճառով, որ անոնք կը կրեն միեւնոյն մականունը:
Կիւնկորը իր նամակին մէջ նաեւ չարախօսած է ականաւոր իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինին դէմ, որ ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը` օսմանեան կառավարութեան կողմէ հայերու բնաջնջման մանրամասն ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ: Յուսահատօրէն փորձելով ամէն գնով արատաւորել Լեմքինի անբասիր վարկը` Կիւնկորը պնդած է, թէ` «Նիստի աւարտին անոր յարձակողական մեկնաբանութիւններուն պատճառով զինք (Լեմքինին) դուրս հանած են սենեակէն»: Կիւնկորը նոյնիսկ սխալ գրած էր Լեմքինի անունը:
Աւարտին թուրք փրոփականտիստը փորձած է ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումին միջեւ եղած տարբերութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն մէջ փորձագէտ ձեւանալէ ետք, Կիւնկորը խոստովանած է իր տգիտութիւնը` նշելով, որ` «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի մասին դեռ շատ բան պէտք է իմանալ եւ շատ եզրակացութիւններ ընել»:
Հակառակ ելոյթս խոչընդոտելու Կիւնկորի փորձերուն` երեսփոխանները եւ հիւրերը, ներառեալ` գիտնականներ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ հրէական համայնքի ղեկավարներ, զիս դիմաւորեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով: Զարմանալիօրէն Կիւնկորը յայտնուեցաւ խորհրդարան` լսելու ելոյթս, չվստահելով ձեռնարկը չեղեալ համարելու իր սեփական կարողութեան: Հակառակ անոր որ ունկնդիրներուն բաւական ժամանակ տրուած էր որեւէ հարցում ուղղելու համար, սակայն Կիւնկորը եւ անոր երկու թուրք գործընկերները որեւէ հարցում չուղղեցին: Շատ զարմանալի էր, որ երբ թուրքերը կը լքէին խորհրդարանի դահլիճը, լսուեցաւ, որ Կիւնկորի գործընկերներէն մէկը անոր ըսաւ. «Չեմ հասկնար, թէ նման գիշերներու ի՞նչ կ՛ընենք այստեղ…»:
Իմ միւս ելոյթներս տեղի ունեցան լեցուն դահլիճներու մէջ` առանց խափանման: Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի տուեալներուն, Սիտնիի մէջ ապրիլ 24-ին առաջին ելոյթիս ներկայ եղած է 1100 անձ: Յաջորդ գիշեր ես երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցայ նոյն քաղաքին մէջ: Այնուհետեւ, ապրիլ 27-ին ելոյթով հանդէս եկայ համանման ձեռնարկի մը ժամանակ, Մելպուռնի մէջ, 500 հիւրերու ներկայութեամբ:
Ճամբորդութեանս ընթացքին միակ տհաճ երեւոյթը Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպոթի յղած ուղերձն էր Սիտնիի ոգեկոչման արարողութեան: Վերցնելով էջ մը նախագահ Օպամայի «թատերական ներկայացումներու ժողովածուէն», Էպոթ իր հակիրճ ուղերձին մէջ, խուսափելով ցեղասպանութիւն բառէն, օգտագործեց այլ բառեր (սարսափ, ողբերգութիւն, սարսափելի իրադարձութիւններ, կորուսեալ կեանքեր): Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան վարչապետին նամակով մը յայտնեց, որ անոր ուղերձը պիտի չկարդայ հանրութեան դիմաց, որովհետեւ «ցեղասպանութիւն բառի կոպիտ բացթողումը մեծ վիրաւորանք է Աւստրալիոյ հայ համայնքին հանդէպ»: Ղահրամանեան յիշեցուց վարչապետին նախորդ տարուան անոր ուղերձին մասին, երբ իբրեւ ընդդիմութեան առաջնորդ` ան պատշաճ կերպով բնութագրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի տարբերութիւն վարչապետին` Աւստրալիոյ գանձապետ, երկրի կառավարութեան ամէնէն բարձրաստիճան նախարար Ճօ Հոքին հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչցող պաշտօնական յայտարարութեամբ:
Ես հեռացայ Աւստրալիայէն` խորապէս տպաւորուած 50 հազար կազմող հայ համայնքի քաղաքական բարձր աշխուժութեամբ, որ ծունկի կը բերէ քանակով զինք քանի մը անգամ գերազանցող, աւելի քան 200 հազար կազմող թրքական համայնքը:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը
http://www.aztagdaily.com/archives/191126
Leave a Reply