«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դարձած է քաղաքական խնդիր». Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան

Շմուել ՄէյրըոմԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները դրական են, սակայն անհրաժեշտ են ջանքեր ի գործ դնել՝ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման համար: Այժմ երկու երկիրները կը համագործակցին գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ: Երկու երկիրներու պաշտօնատար անձնաւորութիւնները կը քննարկեն առանց վիզայի դրութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, ինչ որ նոյնպէս խթան պիտի հանդիսանայ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման համար:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Շմուել Մէյրըոմ անդրադարձած է այս յարաբերութիւններուն եւ նշած, որ կայ համագործակցութիւնը զարգացնելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն եւ փափաք: Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Իսրայէլի նոր նախագահ Ռովեն Ռիվլինը Իսրայէլի Քնեսեթի մէջ բազմիցս յայտարարած է, որ հրեայ ժողովուրդը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դեսպանը դիտել տուած է, որ բոլոր ժողովուրդները պէտք է ճանչնան զայն: «Բացի ատկէ, յայտարարութիւնը կատարուած է նախքան անոր նախագահ ընտրուիլը: Միւս կողմէ, կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Իսրայէլի մէջ նախագահը որոշումներ չի տար, պաշտօնը աւելի արարողակարգային է, քանի որ բոլոր որոշումները կը կայացնէ խորհրդարանը», յայտնած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ամէն տարի կը դրուի Քնեսեթի օրակարգին վրայ: Այս տարի անիկա կը գտնուի Քնեսեթի Կրթութեան եւ գիտութեան յանձնաժողովին մէջ, եւ քննարկումները կ՛ըլլան բաց: Ինչ կը վերաբերի ցեղասպանութիւն ապրած հրեայ ժողովուրդի տեսակէտին՝ դեսպանը նշած է, որ հրեայ ժողուուրդը զգայուն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով: «Ցաւօք, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իր մակարդակը փոխած է եւ վերածուած է քաղաքական խնդիրի: Մենք կրնանք միայն ակնկալել, որ Հայաստանն ու Թուրքիան երկխօսութիւն կը սկսին», եզրափակած է դեսպանը:
http://asbarez.com/arm/196072/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ