ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Չորեքշաբթի, 18 յունիսին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Կրթութեան յանձնաժողովը միաձայնութեամբ հաստատեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը, որուն հեղինակն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեանը:
Յանձնաժողովը 7 թեր եւ 0 դէմ քուէով հաստատեց բանաձեւը, որ կը պարտաւորեցնէ Քալիֆորնիոյ դպրոցները՝ ներառելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդող նիւթեր իրենց հասարակական գիտութեանց ծրագիրներուն մէջ:
Բանաձեւը նաեւ կը քաջալերէ կրթութեան պատասխանատուները՝ մարդկային իրաւանց վերաբերող նիւթեր դասաւանդելու ընթացքին ներառելու նաեւ բանաւոր պատմութիւններ՝ Ողջակիզումէն, Հայոց Ցեղասպանութենէն, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Տարֆուրի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու յիշողութիւններէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը իրենց դպրոցական կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառած են արդէն ԱՄՆի տասնմէկ նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Իլինոյ, Քենսըս, Մեսեչուսեց, Մինեսոթա, Նիւ Ճըրզի, Նիւ Եորք, Օհայօ, Ռոտ Այլընտ եւ Վըրճինիա:
Բանաձեւը յառաջիկային պիտի քննարկուի Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովին կողմէ, որուն հաստատման արժանանալէ ետք՝ պիտի դրուի Ծերակոյտի ընդհանուր ժողովի օրակարգին վրայ:
http://asbarez.com/arm/195879/

Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան բանաձեւը կը հաստատուի Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի յանձնաժողովին կողմէ
•
Leave a Reply