ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Այտըն համալսարանը, Կարսի մէջ կայացող «Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան միջազգային օրեր» կոչուած միջոցառման ծիրէն ներս, պատմական Անի մայրաքաղաքին մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն մը կազմակերպած է:
Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին համաձայն՝ ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տարբեր ազգութիւններու աւանդական հագուստներ, որոնք պատրաստուած էին համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն մասնակցութեամբ: Միջոցառման մասնակցած են Կարս նահանգի գործադիր իշխանութեան եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Թրքական «Elle Turkey» ամսագիրը իր 2011ի դեկտեմբերի թիւով տպագրած էր Անիի մէջ նորաձեւութեան այլ ցուցադրութեան մը լուսանկարները:
http://asbarez.com/arm/195660/

Թուրքերը Անիի մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կատարած են
•
Վերջին Յաւելումներ
- Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը արեւմտահայերէն դասաւանդելու ծրագիրն ընդունեց
- Որո՞նք են Թուրքիայում ամենատարածված ազգանունները
- Լոյս տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» հատորը հայերէն թարգմանութեամբ



Leave a Reply