Նշանեանի մեկուսացումը հարցականի տակ

Սեզկին ԹանրըքուլուՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին հարցագիր ուղղեց Սեւան Նշանեանի մասին, հարց տալով, թէ բանտային իշխանութիւնները իսկապէս անոր կեանքը պաշտպանելու համար մեկուսացումի՞ ենթարկած են Նշանեանը։
«Նշանեանը կեանքի մտահոգութիւն մը չունի, ուրեմն ասիկա պարտադիր մեկուսացո՞ւմ մըն է», հարց տուած է Թանրըքուլու։
Թանրըքուլու հարցուցած է նաեւ, որ արդեօք Սեւան Նշանեանի կեանքի ապահովութեան սպառնացող վտանգի մը մասին լրատուութիւն մը ստացա՞ծ են իշխանութիւնները, տեղեկութի՞ւն մը ունին, թէ ոչ ասիկա պարզապէս երեւակայական մտահոգութիւն մըն է։ «Ինչո՞ւ Սեւան Նշանեանին չ՛արտօնուիր, որ բանտին մէջ միւս բանտարկեալներուն նման մասնակցի ընկերային ու մարզական ձեռնարկներու», հարց տուած է ան։
http://asbarez.com/arm/195584/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ