Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Գալատուրանն ու Քեսապը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:
Սուրիական բանակը վերատիրացաւ նաեւ Քեսապի մէջ Սեւ Աղբիւրի սահմանային անցքին եւ տարածուեցաւ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Բանակը կը վնասազերծէ շրջակայ տարածքները` յառաջանալով Ժապալ Նըսր եւ Համրա շրջաններուն ուղղութեամբ:
Ժապհաթ Նուսրան եւ այլ զինեալ խմբաւորումներ նահանջեցին Քեսապէն, սակայն թրքական ուժերը փակեցին դէպի Թուրքիա անոնց նահանջի ճամբաները եւ չարտօնեցին մուտք գործել Թուրքիա: Զինեալները ստիպուած ուղղուած են դէպի արեւելք` Իտլիպի գիւղական շրջանները:
Սուրիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով.«Քեսապ քաղաքին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնուած են»:
Բանակը քաղաքին մերձակայ պարտէզներուն մէջ ականներ վնասազերծեց:
Ըստ «Մայատին»-ի, Քեսապի շրջանին 90 առ հարիւրը կը գտնուի բանակին վերահսկողութեան տակ, եւ զինեալներուն տիրապետութեան տակ կը մնան Սալման եւ քանի մը այլ շրջաններ:
http://www.aztagdaily.com/archives/190173

Թուրքիա նահանջող զինեալներուն դիմաց իր սահմանը փակեց. Սուրիոյ բանակը Քեսապը առաւ իր վերահսկողութեան տակ
•
Leave a Reply