Իսրայէլի հայ համայնքը յոյս ունի, որ նոր նախագահը պիտի նպաստէ Ցեղասպանութեան ճանաչման

Ռուվեն ՌիվլինԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի մէջ Ռուվեն Ռիվլինի նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներն ու յատկապէս ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները ստացած են բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: Պատճառը այն է, որ Ռիվլին կը համարուի իսրայէլահայերու բարեկամ: Ան նաեւ տարբեր առիթներով կոչ ըրած է, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած հրեաները ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ռիվլինի ընտրութիւնը բնականաբար անհանգստացուցած է Անգարան:
ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Ժորժէթա Աւագեան կը նշէ, որ համայնքի եւ յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակին հետ Ռիվլինի բարեկամութիւնը սկսած է աւելի քան տասնամեակ մը առաջ: «Հայ համայնքը երջանիկ է, որ Ռիվլին ընտրուած է նախագահ: Ան քանի մը անգամ Քնեսեթի մէջ (Իսրայէլի խորհրդարանը) ըսած է, թէ ամօ՛թ է, որ ցեղասպանութիւն ապրած հրեայ ժողովուրդը չի ճանչնար 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Այժմ յոյս ունինք, որ Իսրայէլի մէջ կը սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նոր հանգրուան մը, որ կ՛աւարտի արդարութեան յաղթանակով, եւ պատճառը ոչ թէ այն է, որ Ռիվլին հայամէտ է, ո՛չ: Ան քաղաքակիրթ եւ մարդկային բարձր արժէքներ կրող անձնաւորութիւն է», կ՛ըսէ Աւագեան, աւելցնելով, որ Հայ Դատի ներկայացուցիչները մտադիր են հանդիպում մը ունենալու նորընտիր նախագահին հետ՝ քննելու համար ապագայ քայլերը:
Աւագեան յոյս կը յայտնէ, որ 2015ի Ապրիլ 24ին, Ռիվլին Հայաստանի նախագահին հրաւէրով Հայաստան կ՛այցելէ, մասնակցելու համար Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կայանալիք ոգեկոչման արարողութեան: Ան նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ այս նոր նախագահի ընտրութեամբ, Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները եւս կը բարելաւուին:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ ամիս, Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման ընթացքին, Ռիվլին ըսած էր. «Դժուար է ներել մեր ողբերգութիւնը անտեսած ազգերը, եւ չենք կրնար անտեսել միւս ազգերու ողբերգութիւնը: Իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հրեայ, ասիկա մեր բարոյական պարտքն է»:
http://asbarez.com/arm/195335/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ