Վատիկան այցելութեան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դարձաւ Վեհափառ Հայրապետի օրակարգին գլխաւոր հարցերէն մէկը

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՎատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։
Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական խօսքի ընթացքին։
Վեհափառ Հայրապետը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան անդրադարձաւ Վատիկանի պետական քարտուղարին՝ կարտինալ Բարոլինին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Սանտրիին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին։
Վեհափառ Հայրապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեց նաեւ Սէնթ Էճիտիոյի եկեղեցւոյ մէջ իր տուած քարոզի ընթացքին, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան։
Հայ Դատը իր այլազան երեսներով աւելի լայն տեղ գրաւեց Վատիկանի պաշտօնաթերթին, հեռատեսիլին ու թղթակիցներուն հետ ունեցած Արամ Ա. Կաթողիկոսի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
http://horizonweekly.ca/news/details/40352

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2014
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ