ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Սեզկին Թանրըքուլու, ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալային ուղղեց հարցագիր մը՝ մասնաւորաբար իշխող կուսակցութեան անդամներուն կողմէ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին վերադարձուած ընդարձակ հողամասին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններուն վերադարձուած կալուածներուն մասին։ «Ան այս հարցագիրը յղեց փոքրամասնութիւններու իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով, բան մը, որ հաճելի կը հնչէ, երբ կու գայ ընդդիմադիր շրջանակէն», կը գրէ «Մարմարա»։
Հաղորդած էինք, թէ Զէյթինպուռնուի քաղաքապետը դատ բացած էր ետ առնելու համար Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին վերադարձուած 50 արտավար հողամասը։ Թանրըքուլու իր հարցագիրին մէջ հարցուցած է, թէ ի՞նչ պատճառաբանութեամբ է, որ Զէյթինպուռնուի քաղաքապետը այդ հողամասը ետ առնելու դատ կը բանայ, հակառակ անոր, որ այդ հողամասը նախապէս հիւանդանոցին կը պատկանէր եւ հակառակ անոր, որ քաղաքապետն ալ իշխող կուսակցութեան անդամ է:
«Քաղաքապետը նախքան այս դատը բանալը կառավարութեան հետ խօսա՞ծ է այս մասին, գրութիւն մը գրա՞ծ է, կառավարութիւնը տեղեա՞կ էր քաղաքապետին ծրագրած այդ դատէն։ Քաղաքապետին այս դատը պատճառ պիտի չդառնա՞յ, որ ուրիշ մարմիններ եւս վերադարձուած կալուածները դարձեալ գրաւելու փորձեր ընեն», հարց տուած է ան։
Թանրըքուլու հարցուցած է նաեւ, թէ փոքրամասնութիւններու միւս կալուածներուն վերադարձուիլը ի՞նչ փուլի մէջ է, հարիւրէն քանի՞ն վերադարձուած է, կառավարութիւնը աշխատանք մը կը տանի՞, որպէսզի աւելի արագանայ բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու գործընթացը։
Թանրըքուլու իր հարցագիրին մէջ յիշած է նաեւ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դէմ արձակուած դրամական պատիժը՝ ածխանոցի շինութեան ընթացքին ոչ-ապահովագրեալ աշխատաւորներ իր գործ դրած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ «Այս բոլորը արդեօք փոքրամասնութիւններուն դէմ նոր քաղաքականութեան մը ախտանշաննե՞րն են», հարց տուած է ան:
http://asbarez.com/arm/194882/

Ընդդիմադիր թուրք երեսփոխանը պաշտպան կը կանգնի փոքրամասնութեանց իրաւունքներուն
•
Leave a Reply