Ցեղասպանութեան ժամացոյցը Թուրքիոյ դաստակին վրայ է: Նոյն այդ ժամացոցին անտես սլաքները, որ ցարդ անձայն, անաղմուկ կը շրջէին, այսօր արդէն կ’աղմկեն:
Թրքական ծրագրուած գործին առաջին նշանները ջուրին երես ելան յատկապէս Էրտողանի արտասանած «պատգամ»ով, որուն աղմուկին դիմաց հայկական կողմը, բացի քանի մը տեղական բնոյթ կրող արձագանքներէ, սպասեց մինչեւ նախագահ Սարգսեանի` Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման կեդրոնական մարմնի չորրորդ նիստի արտասանած խօսքին: Ծայրայեղական մօտեցումէ հեռու մնալով սեպենք, որ Հայաստան-Թուրքիա թնճուկին հիմնական տեսադաշտը միայն էրտողանի կառավարութիւնը չէ: Այս մօտեցումը թերեւս միամիտ մօտեցում է, բայց բնորոշիչ է եւ կ’օգնէ այլ խորքով նայելու խնդիրներուն: Փաստ է նաեւ, որ էրտողանի յայտարարութեան կամ ձեւական ներողամտագիրին մասին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ քիչ չեղան մարդիկ, որոնք գրիչի մէկ հարուածով վճռեցին դէպքերուն հոլովոյթը: Անոնք հերթական անգամ յայտարարեցին, որ այս փորձն ալ սուտ է: Անոնք ի սկզբանէ վճռած էին գալիք օրերու ընթացքը եւ կ’ուզէին աշխարհին փաստել, որ էրտողանը սուտ է, էրտողանը հերթական անգամ կը խաբէ, էրտողանը թքած ունի պատմական փաստերու եւ խնդրի ամբողջ էութեան վրայ: Այս բոլորը թերեւս սխալ չեն:
Պաշտօնական Երեւանն ալ նոյն ոգիով եւ նոյն պատուհանէն կը նայէր դէպքերուն: Մնացեալը գիտենք: Զոհի հոգեբանութեան հերթական լալկանութիւն ու աշխարհին դիմաց ծունկի եկած եւ արդարութիւն աղերսող հաւաքական հոգեհանգիստներու շարան:
Այս ամբողջին մէջ հիմնական կէտ մը մըն ալ չմոռնամ. Էրտողանի վարչախումբը թէկուզեւ Թուրքիոյ ներքին ճակատին վրայ լուրջ խնդիրներերու դիմաց կանգնած է, սակայն բնաւ չի մոռնար ծրագիրներով աշխատիլ: Ու այդ ծրագիրը ցեղասպանութեան առանցքը դէպի Թուրքիա շրջելու առանցքն է, որուն ձեռագիրը կը գործէ վերջին տարիներուն: Շատ մարմանդ կրակի վրայ դրուած ծրագիր մը, որ կը գործադրուի դանդաղ քայլերով:
Այսպէս Պոլսոյ եւ այլ թրքական շրջաններու մէջ հաւաքական սուգի ձեռնարկներ կայացնելը, հեռաւոր երկիրներէն Թուրքիա Հայ ուխտաւորներ դիմաւորելն ու պտըտցնելը, զանազան տիպի հաւաքներու իրականցումը ծրագրին մակարդը կը կազմեն:
Թերեւս այս ամեհի ծրագրին մէջ Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը եւ անկէ ետք եղած քաղաքացիական բողոքի հոսքին անկանխատեսելի բողոքի ցոյցերուն սրտաճմլիկ տեսարանն ու ընթացքն ալ կայ:
Թերեւս բառին վրայ շեշտադրումը խիստ կարեւոր է այստեղ:
Ուրեմն ցեղասպանութեան մասին շեղակի բառերով գրուած խօսքերուն դիտաւորութիւնը նաեւ այդ ծրագրի մելանէն կ’օգտուի: Թուրքիան առանց ծրագրի չապրիր: Թուրքիոյ իշխանութեան սեղաններուն վրայ կը գերակշռէ թուղթն ու թանաքը ու մեր եւ անոր պատմութեան մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր կէտ, իւրաքանչիւր խօսք, իւրաքանչիւր ճառ յատուկ նպատակով կ’ըսուի:
Ի տարբերութիւն թուրքին, մեր մտածողութեան ընդհանուր շրջանագիծը կայսրութեան մը ունեցած սահմաններով չի գործեր: Մենք կայսրութեան օրէնքներով, կայսրութեան նիստ ու կացով չենք ապրած:
Մենք արագ որոշուներու ազգ ենք: Մեր խոհանոցն ու վէրքերը մաքրելու վարմունք, մեր երեսներուն թեթեւ շպար քսելու եւ մեր մազերուն նոր արդիական սանտրուածք տալու սովորութեամբ կ’ապրինք: Այդպէս կ’ընենք, որպէսզի յանկարծ մարդիկ չմտածեն, որ դարերու անդունդէն նոր դուրս կուգանք: Ու ինչ կարեւոր է, թէ մեր սեղանին թուղթ ու գրիչ կը պակսին:
Մենք կ’ատենք ծրագիրը, մեզի համար ամէնէն արգահատելի բանը ծրագիր կարդալ, ծրագիր կազմել եւ ծրագիր ունենալն է: Կրնանք աշխարհը շուռ տալ, միայն թէ ծրագիր չկազմենք:
Գործող նախագահին վերջին ելոյթը այս ծիրէն դուրս գալու փորձ մըն է:
Սուգը եւ շիւանը, թուրքը վատ է ըսելը, լալը, ալպոմներու հրապարակումը միայն մէկ կաթիլ փոփոխութիւն բերելու ուժ ունին:
Նախագահ Սարգսեան, հակառակ անոր, որ ընկերային-տնտեսական լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց ծիրին մէջ, կը փորձէ նոր ձեռագրով հանդէս գալ:
Ան Երեւան կը հրաւիրէ Թուրքիոյ յաջորդ նախագահը:
Ի՞նչու այս հրաւէրը:
Վստահաբար՝ ցեղասպանութեան «թիք թաք» ընող եւ Թուրքիոյ դաստակին եղած ժամացոյցը հանգիստ ձեւով տուն բերելու:
Կարեւոր մօտեցում մըն ալ կայ, ըստ որուն, եթէ յանկարծ ամբողջ աշխարհը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եւ Թուրքիա պատրաստ չըլլայ այդ ուղղութեամբ զիջումներու երթալու, մեր գործերը ոչ մէկ դրական հունի մէջ կրնան մտնել:
Շատ- շատ քանի մը գոնկրէսականի ողորմութիւն, հարիւր տարի մը եւս հայրենասիրական երգերու շքերթ, մեծ ու փոքր համաժողովներու կայացում, հաստ ու նիհար գիրքերու տպագրութիւն:
Այս բոլորը ինքնասպառման կը ծառայն մանաւանդ, որ Թուրքիան, ի տարբերութիւն մեզի, ժամանակի հարց չունի, իսկ մենք կը պայքարինք բոլոր հին ու նոր լարուած ու կանգ առած ժամացոյցներուն դէմ:
Հայաստանը նոր շունչի կարիքն ունի ու այդ շունչը խնդիրներուն նոր հայացքով նայելով կ’ըլլայ եւ առաջին հերթին փորձել հասկնալով, թէ Ցեղասպանութեան ժամացոյցը իր դաստակին պահող Թուրքիան խորքին մէջ ինչ կը մտածէ մեր մասին, մանաւանդ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակի սեմին:
http://haynews.am/hy/1401688828
Leave a Reply