ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Հայկական քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչները, չորեքշաբթի, մայիս 28ին հանդիպում մը ունեցած են ՌԱԿի «Պէշկէօթուրեան» կեդրոնին մէջ, խորհրդակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը, Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը յուզող շարք մը հարցեր քննելու համար:
Հանդիպումին մասնակցած են շրջանային ղեկավար մարմիններու ատենապետներն ու այլ անդամներ: Քննարկուած նիւթերու շարքին էին՝ «Հայաստան» հիմնադրամը, Քեսապի տագնապը, սուրիահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն արտագաղթը:
Ժողովի աւարտին, որոշուած է նման հանդիպումներ աւելի յաճախ գումարել, քննարկելու համար համայնքին ու հայութեան անմիջական մտահոգութիւնները:
http://asbarez.com/arm/194646/
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները հարիւրամեակի գծով կը խորհրդակցին
•
Leave a Reply