ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային յանձնախումբի անդամները, Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած հայ լեզուաբան ազատ արձակելու նպատակով՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն անյապաղ գործի անցնելու կոչ ըրած են Երեքշաբթի, Յունիս 3ին:
Կազմակերպութեան անդամներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային յանձնախումբին շուրջ միաւորուած են մեծ թիւով մտաւորակններ եւ տարբեր քաղաքացիական կազմակերպութիւններու անդամներ՝ հաշուի առնելով Նշանեանի բանտային պայմաններու անընդունելիութիւնը, անոնց աստիճանական վատթարացումը եւ Նշանեանի դէմ նոր դատերու սպառնալիքները:
Յանձնախումբի անդամները Նշանեանի դէմ արձակուած դատական վճիռը «թրքական արդարադատութեան նկատմամբ ծաղրանք» որակած են՝ զայն անընդունելի նկատելով:
«Յանձնախումբը Նշանեանի բանտարկութիւնը կը նկատէ իբրեւ ատելութեան եւ խտրականութեան բացայայտ դրսեւորում: Նշանեան, ըլլալով Թուրքիոյ, այսպէս կոչուած՝ պետական թէզերուն հետ հաշուի չնստող մտաւորական՝ նման բռնութիւններու կ՛ենթարկուի: «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային յանձնախումբը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ անմիջապէս ազատ արձակելու Նշանեանը եւ վերջ տալու անոր դէմ շարունակուող ճնշումներուն եւ բռնութեանց: Սեւան Նշանեանի նկատմամբ կիրառուող ճնշումները եւ զրկանքները քննադատելու եւ Սեւանը ազատ արձակելու համար, յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ համաշխարհային հանրութեան, միջազգային եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, որ անմիջապէս գործի անցնին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնախումբին անդամները նաեւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են հայ լեզուաբանին առողջական վիճակին եւ ապագային կապակցութեամբ:
Նշանեան 2013ի Դեկտեմբեր 12ին դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան, իբրեւ թէ իր հողամասին վրայ ապօրինի կառոյց մը շինելուն համար:
http://asbarez.com/arm/194529/
Leave a Reply