Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Թուրքմենիստան ստորագրած են Պաքուի հռչակագիրը

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներըԱզրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 26 մայիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ այդպիսի ձեւաչափով առաջինն է:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ հանդիպումին աւարտին կողմերուն միջեւ ստորագրուած է Պաքուի հռչակագիրը: Ան նշած է, որ նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Աշխապատի մէջ:
Ըստ Մամետեարովի, երեք երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կ՛ընդգրկէ հարցերու լայն շրջանակ, ներառեալ` ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, մարդասիրական եւ քաղաքական: Ըստ անոր, երեք երկիրները մտադիր են ստեղծել նաեւ նշուած մարզերը ղեկավարող նախարարներու հանդիպման հաւանական ձեւաչափեր:
Թուրքիա-Ազրպէյճան-Թուրքմենիստան եռակողմ ձեւաչափի ստեղծման մասին 2013-ի վերջաւորութեան յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն:
Ըստ ազրպէյճանական kontakt.az կայքին, ձեւաչափի քննարկման առանցքը եղած է թուրքմենական կազի` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տարածքով Եւրոպա տարանցման հարցը, որուն համար Պաքու եւ Աշխապատ պէտք է կարգաւորեն երկկողմ յարաբերութիւնները` ստորգետնեայ ջրային սահմանագծման, վիճելի «Քայափազ» հանքավայրի, ինչպէս նաեւ Անդրկասպեան խողովակաշարի կառուցման հարցին մէջ:
Արդէն կը գործեն նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Վրաստան եւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իրան եռակողմ ձեւաչափերը:
http://www.aztagdaily.com/archives/187566

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ