Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներ Ֆրեզնոյի մէջ

ՖրեզնոՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի հայ համայնքի համատեղ ջանքերով կազմուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբ մը, որ «Ոգեկոչում, դաստիարակութիւն, ներշնչում» կարգախօսով շարք մը ծրագիրներ պիտի իրագործէ ամէն տարի կայացող ոգեկոչման ձեռնարկներուն կողքին:
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն շրջանի գրեթէ բոլոր կրօնական, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ, իսկ անոր ատենապետութիւնը ստանձնած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի դասախօս փրոֆ. Սերճիօ Լա Փորթան:
Յանձնախումբին գլխաւոր նախաձեռնութիւնն է նշեալ համալսարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին կառուցումը: Բոլորակաձեւ դասաւորուած ինը սիւներէ բաղկացող եւ Ծիծեռնակաբերդը յիշեցող այս յուշարձանը պիտի կառուցուի Ֆրեզնոյէն ճարատարպետ Փօլ Հալաճեանի ձեռամբ, որ իբրեւ շինանիւթ պիտի օգտագործէ նաեւ հայկական տուֆ քարը: Սիւներէն վեցը կը ներկայացնեն պատմական Հայաստանի վեց նահանգերը, իսկ մնացեալ երեքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սփիւռքն ու Կիլիկիան: Տարբեր հասակներով սիւներէն ամենաբարձրը 19 ոտք է, իսկ ամենակարճը՝ 15, խորհրդանշելով 1915 թուականը:
Յանձնախումբը նաեւ որոշած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը շրջանի ժողովուրդին ծանօթացնելու նպատակով գործադրել ծրագիրներ, որոնցմէ մէկը տեղի պիտի ունենայ մարտ 18, 2015ին, «Մարդուն անմարդկութիւնը մարդուն դէմ՝ վերջին հարիւրամեակին» խորագիրով: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի «Սարոյեան» թատերասրահին մէջ:
Աշխատանք կը տարուի նաեւ Ֆրեզնոյի համալսարանէն ներս ներկայացնելու Ցեղասպանութեան նուիրուած թատերական գործ մը, որուն անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ Մայիս 1ին:
Շրջանի պետական վարժարաններու ուսուցիչներուն համար աշխատանիստ մը կը ծրագրուի, այդ վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ այլ ցեղասպանութիւններու դասաւանդումը առաւել ընդհանրացնելու նպատակով:
Դարձեալ «Սարոյեան» թատերասրահին մէջ, ապրիլ 25ին տեղի պիտի ունենայ համերգ մը՝ Ֆրեզնոյի «Ֆիլհարմոնիք»ին հետ գործակցութեամբ, լուսարձակի տակ առնելով հայութեան վերապրումը: Իսկ այս տարուան Նոյեմբեր 14ին տեղի պիտի ունենայ «Խաչատուրեան» եռեակի ելոյթը Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ:

Նշեալ յանձնախումբին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.agcfresno.org, կամ դիմել agcfresno@g-mail.com հասցէին:
http://asbarez.com/arm/193920/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ