Ցեղասպանութեան թանգարանը հարստացած է 450 լուսանկարներով

ԼուսանկարԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն առնչուող լուսանկարներու բացառիկ եւ հարուստ հաւաքածոյ: Շուրջ 450 բնօրինակ լուսանկարներու հաւաքածոն նուիրած են յունահայ Խանիկեան ընտանիքի ժառանգորդները՝ կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումը եւ փոխանցումը սերունդներուն:
Լուսանկարներու հաւաքածոն կը ներառէ Օսմանեան կայսրութեան, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ որբանոցներուն, որբերու կեանքին, Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի որբախնամ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առանձին դրուագներու առնչուող լուսանկարներ: Լուսանկարներու մեծ մասին ետեւի կողմը առկայ են չափազանց կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդող գրութիւններ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախօրէին այս հաւաքածուի ձեռքբերումը ոչ միայն խորհրդանշական, այլ նաեւ բացառիկ իրադարձութիւն է մեր թանգարանի համար, եւ այս լուսանկարներն իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն 2015 թուականի ապրիլին բացուող թանգարանային նոր ցուցադրութիւնում: Լուսանկարների մէջ իր կարեւորութեամբ առանձնանում է, ի հարկէ, երիտթուրք պարագլուխ Իսմայիլ Հաքքի բէյի՝ անգլիացի զինուորականների կողմից ձերբակալութեան լուսանկարի բնօրինակը», յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այս եզակի հաւաքածոն ձեռք բերելու համար իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին:
http://asbarez.com/arm/193768/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ