ՀՈՐԻԶՈՆ.- Մայիս 16-ին, Սեբաստիոյ (Սվազ) Քանկալ գիւղաքաղաքի Պոզարմութ գիւղի հայկական հին գերեզմանատունը օր ցերեկով թուրք գանձախոյզներու թիրախ դարձած է։ Ըստ տեղական աղբիւրներու, գանձախոյզները գերեզմանատան տարածքը պեղելու թոյլտուութիւն ստացած են շրջանի կուսակալէն (գայմագամ):
Պեղումներուն համար օգտագործուած են հողափոր մեքենայ։ Մի քանի օրերու վրայ երկարող «տքնաջան» աշխատանքէ ետք, գիւղի նախկին հայ բնակիչներու գանձերը փնտռող թուրքերը ձեռնունայն հեռացած են։ Նկարներուն մէջ կարելի է նկատել, թէ հողը փորող մեքենան որքան խորութեամբ փորած է գետինը։ Հայոց նախկին գերեզմանատունը այժմ վերածուած է երթեւեկութեան հողէ ճանապարհի։
1915-էն առաջ գիւղին մէջ գործած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ այժմ բնակարանի վերածուած է։
Ներկայիս գիւղը ունի 147 բնակիչ։
http://horizonweekly.ca/news/details/38915

Սեբաստիոյ հայկական գիւղի գերեզմանատունը թուրք գանձախոյզներու թիրախ
•
Leave a Reply