«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը աննախընթաց ձեռնարկ մը իրականացնելու ուղղութեամբ խիզախ քայլ մը առաւ: Այս կազմակերպութեան Ցեղապաշտութեան եւ անջատողականութեան մարմինը, «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ուրացման քաղաքականութեան վերջ» բնաբանին ներքեւ ձեռնարկած է Անատոլուի քաղաքներու պատմութիւնը վերստին գրելու զօրաշարժին: Այս զօրաշարժը պիտի իրականացուի զանազան ճիւղերէ ներս: Օրինակ` քաղաքներու պատմութիւնը վերստին պիտի գրուի, հայկական ժառանգութիւններու մասին աշխատաժողովներ պիտի կազմակերպուին: Այս կերպով, ջանք պիտի թափուի, որ Հայկական հարցի մասին ցարդ մտքերու մէջ քանդակուած տպաւորութիւնները ճշմարտութեան համապատասխան կերպով լուծում գտնեն: Այս զօրաշարժը 2015 թուականով պիտի չսահմանափակուի: Ասորիներու, յոյներու, քաղդէացիներու, եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն ալ պիտի անդրադառնայ:
Այս ձեռնարկի լուսաբանութեան մասին Մարդկային իրաւանց միութեան շէնքին մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքուեցաւ: Մամլոյ այս ասուլիսին մասնակցութիւն բերին` միութեան նախագահ` Իւմիտ Էֆէ, յանձնախումբին անունով` Այշէ Կիւնայսու, Էրեն Քեսկին, Մերալ Չըլտըր եւ Ռենան Աքման: Յանձնախումբին անդամները այս զօրաշարժի կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ընելէ առաջ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցին վարչապետ Էրտողանին ցաւակցական գրութիւնը:
Փաստաբան Էրեն Քեսկին յայտնեց, որ այս զօրաշարժի գործադրութիւնները, Պոլսոյ մասնաճիւղը ներառեալ, պիտի ստանձնուին Մարդկային իրաւանց միութիւններու բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ:
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց, որպէսզի պետութեան կողմէ ցարդ քարոզուած «պատմական պաշտօնական սուտեր»-ը երեւան հանուին: Այս ուղղութեամբ, յանձնախումբը կոչ ուղղեց, որպէսզի ուրացման քաղաքականութեան դէմ անձերը, հաստատութիւնները եւ ժողովուրդը զօրավիգ կանգնին իրենց: «Պաշտօնական պատմական սուտերը երեւան հանենք, քաղաքներու պատմութեան տէր կանգնինք, մեր ապրած վայրերուն մասին յիշողութիւններու տեղ տանք, չարտօնենք, որ գործուած մարդկային յանցանքները մոռացութեան տրուին: Այս աշխատանքները իրականացնելու համար ժողովրդավարական գետնի վրայ բոլոր ուժերը շարժման անցընենք», ըսուեցաւ բանախօսներուն կողմէ:
Այս զօրաշարժի հիման վրայ, առաջին հերթին ջանք պիտի թափուի, որ ցեղասպաններու անուններով մկրտուած պողոտաներու, փողոցներու եւ զբօսայգիներու անունները ջնջուին: Այդ փողոցներուն տրուին Ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայ երեսփոխաններու, գրագէտներու, լրագրողներու, գիտնականներու անունները:
Այս զօրաշարժին համար որպէս կեդրոնական քաղաքներ նշանակուեցան հետեւեալ ինը քաղաքները. Ատափազար, Էսկիշեհիր, Պուրսա, Քիւթահիա, Անգարա, Ամասիա, Այնթապ, Կեսարիա եւ Էրզրում: Յանձնախումբը պիտի ապահովէ, որ այս քաղաքներու մէջ նշանակուած յանձնախումբի անդամներուն կողմէ ճշմարտութեան հիման վրայ պատմութիւն գրուի եւ այդ պատմական տուեալները համացանցի միջոցով ժողովուրդի օգտագործման եւ իւրացման ներկայացուին: Պիտի ապահովուի, որ ժողովուրդներու մասին ցեղապաշտական արտայայտութիւններ բովանդակող եւ զանոնք անգոյ նկատող քաղաքներու պատմութիւնները ներկայացուին ճշմարտութեան համապատասխան ձեւով:
Պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ բանախօսութիւններ, ինչպէս` «Օսմանեան շրջանին հայոց ապրելակերպը», «Հայոց գրականութիւնը», «Վիրաւորանք», «Յիշողութիւն», «Մոռացման ջանք», «Ուրացում», «Ցեղասպանութենէն ծնած հարուստները», «Կալուածներու գրաւում», եւ այլն: Այս բանախօսութիւններէն առաջինը, որ կը կազմակերպուի Անատոլուի Հետազօտութիւններու ֆրանսական կեդրոնի եւ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնի զօրակցութեամբ, կը կրէ «Վիրաւորական ժառանգութիւն եւ պրպտողական աշխատանք» նիւթը: Այս բանախօսութիւնը կազմակերպուեցաւ 13 մայիս 2014-ին, Ֆրանսական մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ: Բանախօսութեան մասնակցեցան Ֆրանսայէն` գրագէտ Ժանին Ալթունեան, հոգեբուժ Պելլա Հապիպ:
http://www.aztagdaily.com/archives/186550
Leave a Reply