Չեխ պատգամաւորները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

Չեխ ՊատգամաւորներԵրեւան գտնուող Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան միջնորդութիւններու հարցերով յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` Զուզքա ՊեպարովաՌույպրովայի գլխաւորութեամբ, երէկ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Չեխ խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկումէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:

Պատուիրակութեան ղեկավարը յայտնած է, որ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լսած է ուսանողական տարիներուն, իսկ աւելի ծանօթացած եւ ուսումնասիրած է Հայաստան այցելութեան նախապատրաստուելուն ընթացքին: «Առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուինք այստեղ` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք հայ ժողովուրդին, որուն 99 տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան միջոցով ցանկացած են ոչնչացնել: Յոյս ունինք, որ ապագային այսպիսի ոճիրներ չեն կրկնուիր: Չեխ ազգը, չեխ ժողովուրդը յարգանքով կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան», ընդգծեց Ռույպրովա:

http://www.aztagdaily.com/archives/185696

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ