«Էրտողանի քայլերը բաւարար չեն»,- կ՛ըսէ Բարթողիմէոս Պատրիարքը

0905Bartholomew-IՅոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա.-ը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին գովաբանեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` քրիստոնեաներուն իրաւունքները բարելաւելու համար, սակայն ընդգծեց, որ անոր քայլերը «բաւարար չեն»:

Բարթողիմէոս Ա. յուսախաբութիւն յայտնեց, որ Էրտողան չէ վերաբացած ուղղափառ եկեղեցւոյ ամէնէն կարեւոր դպրեվանքը` Հալքիի աստուածաբանական դպրոցը: «Ասոնք յոյսեր են, որոնք տակաւին չեն իրականացած», նշեց ան` աւելցնելով. «Ասիկա մարդկային իրաւանց եւ մասնաւորաբար կրօնական ազատութեան հարց մըն է»:

«Ես Թուրքիոյ քաղաքացի մըն եմ եւ այստեղ ծնած եմ: Երկու տարի թրքական բանակին մէջ ծառայեցի: Իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի իմ բոլոր իրաւունքներս կ՛ուզեմ եւ ոչ միայն ինծի համար, այլեւ` եկեղեցիիս եւ համայնքիս համար», ըսաւ ան:

Բարթողիմէոս Ա. նշեց, որ Էրտողան բարելաւած է Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունքները` աւելցնելով, որ մինչ ժամանակին յոյները զանգուածաբար հեռացան Թուրքիայէն, անոնցմէ շատեր ներկայիս կը վերադառնան, մասնաւորաբար Յունաստանի տնտեսական տագնապին պատճառով:

«Մենք կը ճանչնանք այդ քայլերը, մեր երախտապարտութիւնը կը յայտնենք պրն. Էրտողանին, սակայն կ՛ըսենք, որ բաւարար չէ», ընդգծեց ան:

Յոյն ուղղափառներու պատրիարքը նաեւ յայտնեց, որ Երուսաղէմի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ, եւ այդ հանդիպումը երկու եկեղեցիները իրարու պիտի մօտեցնէ` շուրջ հազարամեայ պառակտումին վերացման համար:

http://www.aztagdaily.com/archives/185144

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ