Ընդգծելով, որ արեւմտահայերէնի գծով ահազանգը միակողմանի է. «Ժողովուրդն է լեզուին տէրը» շեշտեց ֆրանսահայ լեզուաբան դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան

Անահիտ ՏօնապետեանԱպրիլ 7-9 Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ բազմալեզուութեան առնչուող միջազգային եռօրեայ գիտաժողով: Երրորդ օրուան նստաշրջանի քննարկման առաջին նիւթը արեւմտահայերէնի մասին էր: Այս մասին յատուկ զեկուցում ներկայացուց իր դոկտորայի թեզին մէջ արեւմտահայերէնին եւս անդրադարձող ամերիկացի հետազօտող Անգը Պաթայնէ:

Գիտաժողովի կազմակերպիչ մարմինին մաս կը կազմէր ֆրանսահայ լեզուաբան, Փարիզի Հայագիտական հիմնարկի տնօրէնուհի, Հայաստանի Արտասահմանեան ակադեմիայի անդամ դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, որ խիստ շահեկան ընդմիջումներով ու մեկնաբանութիւններով ելոյթ ունեցաւ արեւմտահայերէնի թէ գիտաժողովի այլ նիստերու (Քաշքայի բարբառին յատկացուած նիստը…) ընթացքին:

Այս առիթով «Ազդակ» կողմնակի մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ դոկտ. Տօնապետեանին հետ, գիտաժողովի դադարի պահուն:

Ստորեւ հարցազրոյցին հիմնական մասերը:

«ԱԶԴԱԿ».- Որպէս գիտաժողովի կազմակերպիչ մարմինի անդամ, ինչպէ՞ս եղաւ, որ որոշեցիք արծարծել նաեւ արեւմտահայերէնի քննարկման նիւթը:

ԴՈԿՏ. ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Խորքին մէջ այս գիտաժողովը յատկացուած էր շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի  մէջ բազմալեզուութեան երեւոյթին, ուր տիրական է արեւմտահայերէնի գործածութեան պարագան: Բնական է, որ նկատի ունենայինք նման նիւթ մը, եւ Ֆրանսայի իմ ուսանողուհիս` Անգը Պաթայնէ եթէ չուզէր խօսիլ այս մասին, ե՛ս պիտի դասախօսէի: Փաստօրէն արեւմտահայերէնի գործածութիւնը, որպէս շրջանի փոքրամասնութիւններէն` հայերու մօտ գործածուող լեզու, Լիբանանի պարագային յաջող եւ օրինակելի է: Ես քաջալերեցի Պաթայնէն, յատկապէս որ ան իր դոկտորայի թեզին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ արեւմտահայերէնին ու այս գծով բաւական պրպտումներ կատարած է: Աւելի՛ն. արեւմտահայերէնի գործածութիւնը իմ ծրագիրիս գլխաւոր մէկ մասնիկն է ու անհրաժեշտ էր, որ արծարծէինք այս հարցը: Ասիկա մեր առաջին նախաձեռնութիւնն է միջազգային մակարդակի վրայ ու հաւանաբար հետագային շարունակուին նման քայլեր: Ամէն պարագայի, արծարծուած նիւթերը լոյս պիտի տեսնեն առանձին գիրքով:

«Ա.».- Իր զեկուցումին մէջ Անգը Պաթայնէն անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի տեսակէտին, թէ` արեւմտահայերէնի գործածութիւնը վտանգուած է, իսկ ինք (Պաթայնէ) յայտնեց, որ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը վտանգուած է՛ եւ չէ՛: Դուք ի՞նչ կը խորհիք այս մասին:

Դ. Ա. Տ.- Խորքին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իր այդ եզրայանգումին մէջ նկատի ունէր շրջանի երկիրները` Սուրիա, Իրաք, Թուրքիա եւ Լիբանան եւ իր տեսակէտը հիմնած էր մէկ աղբիւրի վկայութեան վրայ եւ արեւմտահայերէնը դասած էր վտանգուած լեզուներու հինգ աստիճաններէն երկրորդ դիրքի վրայ: Ես կը ճանչնամ նաեւ այդ վկայութիւնը տուած աղբիւրը (կողմը): Շրջանի մերձակայ երկիրներուն կամ նոյնիսկ Ֆրանսայի կամ Միացեալ Նահանգներու պարագային, հասկնալի է նման եզրայանգում: Սակայն Լիբանանի պարագային այնքան ալ մտահոգիչ չէ, որովհետեւ արեւմտահայերէնը տակաւին գործածական լեզու է հայկական վայրերու, հաստատութիւններու թէ հայ ընտանիքներու մեծ մասին մօտ: Միւս կողմէ, սակայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս տեսակէտը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ, արեւմտահայերէնի բարեփոխման գծով որեւէ ծրագիրի ֆինանսաւորման կամ նիւթական աղբիւր հայթայթելու միջազգային կազմակերպութիւններէ: Ես նկատեցի, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս տեսակէտը խորապէս կը մտահոգէ լիբանանահայ կրթական թէ պատկան մարմինները եւ շատ յուսահատ խօսքեր լսեցի: Սակայն այդքան ալ մտահոգիչ չէ. օրինակ` Պաթայնէ իր զեկուցումին մէջ մէջբերեց լիբանանահայ վարժարանի մը տնօրէնին այն մտահոգութիւնը, թէ ձայնասփիւռէն «մաքուր» հայերէնով խօսող քանի մը աշակերտ դժուար թէ գտնէ իր մօտ: Պէտք չկայ այնքան վախնալու, թող ձգեն, միջին խաւը թող արտայայտուի այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզէ, աշակերտները թող խօսին հայերէնը այնպէս, ինչպէս որ սորված են: Ի վերջոյ ատիկա իրենց դաստիարակութեա՛ն արդիւնքն է: Հարկ է ճկուն ըլլալ. օրինակ` ինչո՞ւ անգլերէնը ճկուն, ազդու, «տինամիք» լեզու է, որովհետեւ ամերիկացիք կամ անգլիացիք կը խօսին ազատօրէն, առանց կաշկանդումի: Ի վերջոյ այս լեզուին (արեւմտահայերէնի) ճակատագիրը լիբանանահայ գաղութին, ժողովուրդին ձեռքն է:

«Ա.».- Հետաքրքրական է` հայրենիքէն հեռու, ֆրանսական օտար ափերու վրայ ծնած` հայերէնն ու հայագիտական յարակից նիւթերը որպէս մասնագիտութիւն ընտրելու ձեր որոշումը: Ի՞նչն է գաղտնիքը մայրենիի հանդէպ ձեր սիրոյն եւ անոր մէջ մասնագիտանալու ձեր նախանձախնդրութիւնը:

Դ. Ա. Տ.- Մեծ հայրս` Տօնապետ Տօնապետեան, Խարբերդի Հիւսեյնիկ գաւառէն, բազմանդամ ընտանիքի զաւակ եղած է (տասը քոյր-եղբայրներ ունեցած է), նախքան ջարդերը` գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ կը յիշէ, թէ իր մեկնումէն ետք քոյր մը եւս ծնած է իրենց ընտանիքին մէջ: Սակայն ընտանիքը զոհ գացած է Եղեռնին: Աւելի ուշ վերադարձած է ֆրանսական լեգէոնի անդամ ըլլալով եւ հաստատուած` Մերսինի մէջ: Քանի մը տարի ետք գաղթած է դէպի Ֆրանսա: Ան շատ կը պատմէր իր տեսածներուն եւ լսածներուն մասին: 1986-ին, երբ առիթը ունեցայ Խարբերդ այցելելու, փնտռեցի մեծ հօրս հօրենական տունը, Հիւսեյնիկ, բայց հոն գտնուողները ըսին, թէ իրենց տունն ու թաղամասը լրիւ քանդուած է եւ բան չէ մնացած: Հետաքրքրական է, կին մը մեզի իր պարտէզը ընդունեց, սուրճ հրամցուց, նկարուեցաւ: Կտրտուած թրքերէնով կը խօսէինք հետը ու պահ մը եկաւ, երբ բոլորս ալ անզգալաբար յուզուեցանք ու լացինք: Փարիզ վերադարձիս, երբ մեծ հօրս պատմեցի, ինք ալ յուզուեցաւ եւ ներքին նախազգացումով մը ենթադրեց, թէ այդ պարտէզի կինը, կրնայ ըլլալ, որ իր գաղթելէն ետք ծնած իր քոյրն է, եւ բարի ընտանիք մը զինք պահած ու մեծցուցած կրնայ ըլլալ: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որովհետեւ մեծ հօրս պատմածները շատ խոր ազդեցութիւն ունեցած են վրաս, անուղղակիօրէն փոխանցելով պատգամ մը` ազգային ինքնութեանս, լեզուիս պահպանութեան գծով: Ես շատ երջանիկ եմ, որ կրցած եմ հայերէնի մասնագիտական աշխատանք ընտրել: Եթէ հիմա մեծ հօրս մահէն տարիներ ետք անոր նկարը դիտեմ, կը վերյիշեմ իր ամբողջ պատմածները անցեալի մասին եւ կը յուզուիմ: Հայոց ցեղասպանութեան ջարդերու այդ տագնապէն «թրոմա»-էն (trauma) ետք, առնուազն երկու սերունդ դժուար պայմաններու կը մատնուի: Օրինակ` իմ ծնողքիս համար շատ դժուար էր, մէկ կողմէն ջարդերու անցեալէն եկող` մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ աւանդութեանց աւանդը, «կտակը» կար, որ իրենց անուղղակիօրէն փոխանցուած էր եւ, միւս կողմէ, իրենց նոր շրջանը, ապրած միջավայրի նոր պայմանները:

«Ա.».- Ձեր այս այցելութեամբ ու որպէս այցելու դասախօս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի` ինչպէ՞ս գտաք լիբանանահայ գաղութը, յատկապէս որ հոս (Լիբանան) եղած էք ապահովական վերջին պայթումներու շրջանին: Օրինակ` կ՛ընդառաջէ՞ք ապրիլեան ձեռնարկի մը, եթէ հրաւէր ուղղուի:

Դ. Ա. Տ.- Շա՛տ լաւ տպաւորուած եմ, յատկապէս այնքան արտագաղթէ ու երկար տարիներու պատերազմէ ետք տակաւին աշխուժօրէն կը գործեն հայկական հաստատութիւնները, մշակութային ձեռնարկները կը շարունակուին, հայերէն խօսակցութիւնը լսելի է հայաբնակ գրեթէ բոլոր շրջաններէն ներս: Շատ աշխուժ եւ գործունեայ է այս գաղութը: Սիրով կ՛ընդառաջեմ որեւէ հրաւէրի, թէեւ կը նախընտրեմ պահել ակադեմական մակարդակի առնչուող նիւթեր, սակայն կարելի է կապ մը գտնել լեզուական մասնագիտութեանս եւ ապրիլեան ձեռնարկներու նիւթերուն միջեւ:

http://www.aztagdaily.com/archives/185116

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ