«Հայոց եւ Տերսիմի կոտորածներուն հետ առերեսում»՝ Իզմիրի մէջ

Կարօ ՓայլանԿարօ Փայլան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կրթական արհմիութեան Իզմիրի մասնաճիւղին կողմէ, Չիղլիի քաղաքապետութեան սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ աշխատաժողով մը՝ «Հայոց եւ Տերսիմի կոտորածներուն հետ առերեսում» նիւթին շուրջ՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով: Աշխատաժողովի բանախօսներուն կարգին էին քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան վարչական խորհուրդի անդամ Կարօ Փայլան, Էրտողան Այտըն եւ Մեհմետ Պայրաք։
Բացման խօսքը արտասանեց Կրթական արհմիութեան գլխաւոր քարտուղար Մեհմետ Պոզկէյիք, որ նշեց, թէ Ապրիլ 24 եւ Մայիս 4 թուականները Թուրքիոյ պատմութեան երկու կարեւոր ողբերգութեան օրերն են, իսկ ցեղասպանութիւնը ուրանալ կը նշանակէ՝ շարունակել ցեղասպանութիւնը։
Պոզկէյքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Էրտողան Այտըն, որ յիշեցուց, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը իր մեկնաբանութիւնը գտած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, բայց անկէ առաջ Թուրքիոյ մէջ ապրուածները լիովին կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան պայմաններուն։ «Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք կազմուած իշխանութիւնը ժողովուրդին խոստացաւ հաւասար իրաւունքներով եւ ազատութիւններով օժտեալ երկիր մը, բայց Տերսիմի կոտորածը փաստեց, որ այդպէս չեղաւ», ըսաւ Այտըն։
Կարօ Փայլան նշեց, որ ամէն բանավէճէ ետք մէջտեղ կը դրուի «փաստերը ներկայացնենք ու խօսինք» մօտեցումը, ինչ որ ճիշդ չէ։ «Այո՛, փաստաթուղթերը պատմութեան իրականութիւնները երեւան հանելու համար կարեւոր տեղ ունին, բայց Հայկական Ցեղասպանութիւնը միայն փաստաթուղթերով լուսաբանելու աշխատանքը իրապաշտ կեցուածք մը չէ», ըսաւ Փայլան։ Անդրադառնալով վարչապետին ցաւակցական ուղերձին՝ բանախօսը յայտնեց, որ ատիկա կարեւոր քայլ մըն էր, սակայն, մինչեւ որ վարչապետը իր «ցաւակցութիւն»ը «ներողութեան» չփոխէ, անոր անկեղծութիւնը բանավէճի նիւթ պիտի ըլլայ։
Մեհմետ Պայրաք իր կարգին յիշեցուց, որ Տերսիմի մէջ 40-50 հազար անձ սպաննուած էր ու մօտաւորապէս 14 հազար հոգի աքսորուած։ Ըստ իրեն՝ կոտորածը նախապէս ծրագրուած էր ու պատրաստուած ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կողմէ։

http://asbarez.com/arm/192192/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ