Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Հայկազեան համալսարանին մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան ՈգեկոչումԿազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Աւանդներու ակումբին, տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած ապրիլեան ցեղասպանութեան:

Շաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ին առաւօտեան տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած քայլարշաւ մը, խումբ մը ուսանողներ քալեցին դէպի Պիքֆայա եւ յուշակոթողին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհերուն:

Երեքշաբթի, 22 ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ: Օրուան բանախօսն էր համալսարանի նախկին դասախօս Քաթիա Փելթեքեան, որ խօսեցաւ Եղեռնի լրագրութեան վերաբերեալ անգլիական մամուլին մէջ գտնուող փաստաթուղթերու մասին: Ան նշեց, թէ Մեծ եղեռնը 1915 թուականէն շատ աւելի առաջ սկսած է: Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով ուսանողներ եւ դասախօսներ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Նազօ Փոլատեան` Եղեռնին նուիրուած ասմունքով մը:

Ուրբաթ, 25 ապրիլ 2014-ին ակումբը տեղադրեց համալսարանին մէջ Արեւմտահայաստանի շրջաններու նկարներ, որուն միջոցով ուսանողներուն ներկայացուց թուրքին գործադրած մշակութային ջարդը:

http://www.aztagdaily.com/archives/184553

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2014
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ