Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած կամ հայրենազրկուած հայերուն պատկանող տուներու տեղերը հիւրանոցներ կը կառուցուին: Պատմութենէն զրկելու գործընթացը կը շարունակուի նաեւ այժմ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը` վկայակոչելով Hye Tert-ը:
Ցեղասպանութեան դէմ արտայայտուող եւ հայու տան մը մէջ բնակող գրող Իպրահիմ Հալիլ Այճան ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու կոչ հնչեցուցած է:
«Պատմութեան էջերէն աշխարհի ամենամեծ ցեղասպանութիւններէն մէկուն ենթարկուած հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կ’ենթարկուի մշակութային ցեղասպանութեան: Անոնցմէ ետք մնացած շինութիւնները կը շարունակուին աւերուիլ»,- կը նախազգուշացնէ գրողը:
Այճանի խօսքով` Այնթապի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին լքուած թաղամասին մէջ մնացած տուներուն տեղերը հիւրանոցներ կը կառուցուին:
Այնթապի ամենահին թաղամասն է ժամանակին հայերուն պատկանած շրջանը, որ գրեթէ շուկայի վերածուած է: Հայերու տուներուն մէջ սրճարաններ, գինետուներ, հիւրանոցներ կը կառուցուին:
26 տարի այդ թաղամասին մէջ հայերուն պատկանած տան մը մէջ բնակող գրողը կը նշէ, որ այդ ճարտարապետական կառոյցները կը կորսուին առեւտրական նպատակներով:
Հարիւրամեակներ շարունակ համատեղ ապրած ազգի ժառանգութեան ոչնչացումն ու հողին հաւասարեցնելը շատ կ’անհանգստացնէ Այճանը: «Պուլտոզըրի ամէն հարուածը սրտին մխրճուող դանակի կը նմանի»,- կը նշէ ան:
«Ես հայու տան մէջ կ’ապրիմ 26 տարիէ ի վեր: Ես ալ իմ հայրենիքէն առանց ուզելու հեռացած եմ, պոկուած: Հաւանաբար այդ պատճառով կը զգամ այդ ցաւը: Երբ ես առաջին անգամ այս թաղամաս եկայ, այստեղի մարդիկ այս շրջանը պահպանելով կ’ապրէին: Այնուհետեւ քաղաքապետարանը որոշեց զբաղիլ այս շրջանով: Միլիոններով գումար ծախսեցին: Բոլոր քարերը, փողոցները նորոգեցին: Բոլոր տուները լուսաւորեցին: Թաղամասին մէջ տեսահսկման համակարգեր տեղադրեցին: Այնուհետեւ այս շրջանը ամայացաւ: Մարդիկ հեռացան: Կ’ըսեն` զբօսաշրջային նպատակներով պիտի օգտագործեն: Ասիկա Այնթապի ամենահին թաղամասն է: Այստեղ եկողը զայն «Այնթապ թաղամաս» կը կոչէ, բայց իրականութեան մէջ ասիկա հայկական թաղամաս է»,- ըսած է ան:
Կենդանի ճարտարապետութիւնը անդէմ պեթոնապատումով անմարդաբնակ կը դառնայ
Գրողը կը յիշեցնէ, որ 1900-ականներու սկիզբը Այնթապի բնակչութեան կէսը հայերէ բաղկացած էր: Ան կոչ կ’ուղղէ այս հողերուն մէջ ապրած մարդոց` մշակութային ժառանգութեան առնուազն յարգանքով մօտենալու: Անոր խօսքով` շրջանը անմարդաբնակ դարձնելէ ետք հայերուն պատկանող տուները ժամանցի վայրերու վերածուած են եւ անգամ յարմար հասցէներ դարձած են այնտեղ թմրանիւթեր օգտագործելու համար:
«Հայերու` 100 տարի առաջ լքած բնակավայրերուն մէջ կ’ապրինք, գոնէ տէր կանգնինք անոնց: Այնթապի մէջ առաջին թատրոն ստեղծողը, առաջին թերթը թողարկողը հայեր եղած են: Ընկերային-մշակութային կեանքն ու առեւտուրը անոնց ձեռքին էր: Այժմ անոնց մշակոյթի ոչնչացման դէմ պէտք ելլել»,- նշած է գրողը:
http://www.yerakouyn.com/?p=55856&fb_action_ids=278209399020035&fb_action_types=og.likes
Leave a Reply