Այշէ Հիւր. Ի՞նչ անուն (չ)տալ 1915-ի դէպքերուն

Այշէ Հիւր«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Այշէ Հիւր, որ «Ռատիքալ»-ի իր կիրակնօրեայ սիւնակին մէջ կ՛արծարծէ պատմական դէպք մը, շատ անգամ ալ` Հայկական հարցը, եւ որ սրտախօսիկ մերձեցում ունի հայերու ու անոնց ապրած դժբախտութիւններուն նկատմամբ, կիրակի` 20 ապրիլին ալ ունէր լայնաշունչ յօդուած մը, ուր կ՛արծարծէր հետաքրքրական նիւթ մը: Ի՞նչ անուն կու տան կամ ի՞նչ անուն պէտք է տալ 1915-ի պատահարներուն: Յօդուածին խորագիրն իսկ շահեկան է. «1915-ին անուն մը (չ)տալ»:

Այշէ Հիւր այս անգամ կրցած է տեղեկութիւններ հաւաքել հայկական աղբիւրներէ ալ: Կարելի է զարմանալ, որ ան կրցած է մտնել հայկական աղբիւրներու այսքան մեծ թիւին մէջ, քանի որ վստահաբար իր ակնարկած փաստաթուղթերը ուրիշ լեզուներու թարգմանուած չեն: Այշէ Հիւր հարցը կը քննարկէ երեք տեսանկիւններէ. Նախ` հայերու, ապա` արեւմտեան երկիրներու, վերջապէս` Թուրքիոյ տեսանկիւնէն: Այս երեք միաւորները ի՞նչ անուններ գործածած են 1915-ին: Այշէ Հիւր դիտել կու տայ, որ 1915-էն առաջ պատահածներուն համար հայերը կը գործածէին «ջարդ», «ոճիր», «աքսոր», «ողբերգութիւն», «նախճիր», «փոթորիկ» բառերը: Իսկ 1915-ին համար սկսած են գործածել «եղեռն» ու «աղէտ» բառերը: Այշէ Հիւր բազմաթիւ բառարաններու նայելով` կը բացատրէ, որ եղեռն բառը վերջին հաշուով կը նշանակէ ոճիր: Անուններու այս այլազանութիւնը կը վկայէ, որ հայերու մօտ մտքի շփոթ մը գոյութիւն ունեցած է միշտ, միշտ չեն կրցած յստակ անուն մը գտնել 1915-ին:

Կը թուի, թէ առաջին անգամ Աւետիս Ահարոնեանն է, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ շրջանին իր օրագիրներուն մէջ գործածած է «մեծ եղեռն» անունը: Եւ վերջապէս սկսան գործածել «ցեղասպանութիւն» բառն ալ, երբ այս բառը ստեղծուեցաւ: Այշէ Հիւր կը յիշեցնէ, որ Նիւրենպերկի դատավարութեան շրջանին Փարիզի «Յառաջ» թերթը Հրէական ողջակիզումը կապած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ հարցուցած էր, որ դատաւորներն ու դատակազմերը ե՞րբ իրենց ակնարկները պիտի դարձնեն դէպի անցեալ: Հայկական գետնի վրայ վերջին կացութիւնը յստակացած է, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան միջազգային գետնի վրայ կատարուած իր ճառախօսութեան ընթացքին գործածած էր «ցեղասպանութիւն» բառը:

Այշէ Հիւր, որպէս երկրորդ տեսանկիւն, կ՛անդրադառնայ արեւմտեան երկիրներու կողմէ 1915-ի մասին գործածուած անուններուն, որոնք նմանապէս բազմատեսակ են, եւ որոնք ցոյց կու տան, թէ անունի վարանում ու շփոթութիւն եղած է անոնց մօտ ալ, մանաւանդ որ անոնք յաճախ խուսափողական դիրքաւորում ունեցած են 1915-ին նկատմամբ: Վերջինը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայէն եկած է, որ ընտրութենէն առաջ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ խոստացած ըլլալով հանդերձ, ընտրուելէ ետք չէր կրցած յարգել իր խօսքը եւ գործածած էր Մեծ եղեռն անունը:

Այշէ Հիւր կ՛անդրադառնայ նաեւ երրորդ տեսանկիւնին, որ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքն է: Թուրքիա Հանրապետութեան տեւողութեան միշտ անտես առնել ձեւացուց 1915-ը, երբ նեղ կացութեան մատնուեցաւ, գործածեց զանազան բառեր, ինչպէս` տեղահանութիւն, չարիք, սպանդ, փոխադարձ սպանութիւն, եւ ջանաց այս կերպով պարտկել անցեալի տխուր պատմութիւնը, աւելի վերջ ալ, երբ այլեւս ամէնուրեք կը գործածուէր ցեղասպանութիւն բառը, ստեղծեց «սէօզտէ» բառը, որ կը դնէր ցեղասպանութիւն բառին առջեւ:

Այշէ Հիւր այս երեք տեսանկիւնէն հարցը քննարկելէ ետք արիաբար կը յայտնէ իր սեփական կեցուածքը այս խնդրին մէջ: Երբ առաջին անգամ հետաքրքրուեցաւ այս նիւթով, գործածեց տեղահանութիւն բառը, աւելի վերջ, երբ տեղեակ դարձաւ նոր մանրամասնութիւններու, սկսաւ գործածել «հայերու սպանդ» անունը, իսկ հիմա ինք կը գործածէ «Ցեղասպանութիւն» անունը:

Այշէ Հիւր, իր այս մանրամասնեալ եւ լաւ աշխատցուած յօդուածին որպէս եզրակացութիւն, կը գրէ, որ յայտնի է ուրեմն, որ ամբողջ աշխարհ որոշ դժուարութիւն ունեցած էր անուն մը գտնելու համար:

«Անունը գտնելը իսկապէս դժուար է, բայց թերեւս դժուար չէ հասկնալ, թէ որքա՛ն տառապած են հայերը, դժուար չէ հեռաւորութիւն մը դնել մեր ու այդ ոճիրները գործողներուն միջեւ, եւ հայերուն պէտք է ձեռք երկարել` արդարօրէն ամոքելու համար անոնց ցաւերը», – կը գրէ Այշէ Հիւր:

http://www.aztagdaily.com/archives/183721

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ