Վանգուվըրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին

Ցեղասպանութեան յուշակոթողՀայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանգուվըրի հայութիւնը Ապրիլ 27-ին ոգեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը

Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Moutain View գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի բացումը։ Վանգուվըր քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող յուշակոթողը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մատնահետքի քանդակը: Յուշակոթողին վրայ գրուած է, որ ան հոն զետեղուած է յարգելու համար յիշատակը 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն:

350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նաթան Արք. Յովհաննիսեան- Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար Սուզան Անթոն, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Տոն Տէյվիս եւ Ժասփիր Սանտու, նահանգային երեսփոխան եւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ատրիան Տիքս, Վանգուվըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քէրի Ժանկ եւ Ռէյմոնտ Լուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին թրքական պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Գանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնիի խօսքը փոխանցեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Անտրու Սաքսթըն:

Արարողութեան հանդիսավարութիւնը կատարեցին Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վարդօ փափազեան: Յուշակոթողի ծրագրի պատմականը ներկայացուց Ճորճ Շահնազարեան: Յուշակոթողի մասին բացատրութիւններ տուաւ քանդակագործ հեղինակը՝ Մաթիլտա Ասլիզատէն:

http://horizonweekly.ca/news/details/37227

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ