Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ Լոս Անճելըսահայութիւնը վերանորոգեց պահանջատիրական պայքարի իր ուխտը

Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին ՄօտՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հինգշաբթի 24 ապրիլին, Հայոց  Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական յուշահաւաքը՝ Մոնթեպելլոյի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին մօտ:
Յուշահաւաքին ներկայ էին ամերիկացի եւ հայ պաշտօնատարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կառոյցներու ղեկավարներ, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը:
Նախքան հաւաքի յայտագիրին սկսիլը, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նահատակներու յիշատակին:
Հաւաքին ընթացքին, գլխաւոր խօսնակներու շարքին էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Լոս Սնճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի (քաղաքապետը իր ելոյթը աւարտեց «Պայքար, պայքար, մինչեւ վերջ» լօզունգով, զոր արտասանեց հայերէն), Նորթրիճի համալսարանի հայկական ամպիոնի ղեկավար փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, յայտնի մտաւորական Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան (ան փոխանցեց Միացեալ մարմինի պատգամը) եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով:
Խմբավար Միքայել Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Իրանահայ-Իրաքահայ միացեալ երգչախումբը:

http://asbarez.com/arm/191261/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ