Թուրք գիտնականներ ՄԱԿի մէջ խօսած են Ցեղասպանութեան մասին

Հալիլ ՊերքթայԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան ու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է Ցեղասպանութեան կանխարգիլման նուիրուած գիտաժողով մը, որուն բանախօսները եղած են թուրք մտաւորականներ Հալիլ Պերքթայ («Սապանճը» համալսարան), Ֆիլիզ Չելիք (Լոնտոնի համալսարան) եւ լրագրող Հայկօ Պաղտատ: Գիտաժողովին մասնակցած են ՄԱԿի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ ու մեծ թիւով օտարերկրեայ հիւրեր:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն՝ բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են ներկայիս թրքական հասարակութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած քննարկումներուն եւ ընդգծած են այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ հասարակութիւնը իրազեկ պահելու կարեւորութիւնը: Բանախօսները նաեւ անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն, ներառեալ՝ հայերու գոյքի ու հարստութեան եւ ժառանգորդներու փոխհատուցման հետ կապուած հարցերուն:

http://asbarez.com/arm/190976/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ