Էրտողան կը փորձէ մէկ մշուշոտ ուղերձով շղարշ քաշել Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան վրայ

Կիրո Մանոյան1) Որքան ալ աննախընթաց ըլլայ վարչապետ Էրտողանի քայլը, շատ հեռու է իրական զղջումի արտայայտութենէ։ Ան կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը եւ կը փորձէ նոյնացնել բոլորի ցաւերը` անտեսելով, որ հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրուած ու գործադրուած է նոյնինքն Օսմանեան եւ Հանրապետական Թուրքիոյ պետութեան կողմէ։ Այս իմաստով Էրտողան կը շարունակէ անտեսել նոյնիքն թրքական դատարաններու կողմէ 1919-ին կատարուած դատավարութիւնները։

2) Էրտողան կը կրկնէ նոյն հանկերգը՝ «պատմաբաններու յանձնաժողով» կազմելու, որուն Հայաստանն ու հայութիւնը բազմիցս պատասխանած են, որ անընդունելի առաջարկ է։ Կը բաւէ, որ Թուրքիոյ պետութիւնը ինքն իր հետազոտութիւնը կատարէ (եթէ ատոր կարիքը կը զգայ), որովհետեւ խնդիրը ոչ թէ պատմական վէճ է, այլ՝ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ժխտումի քաղաքականութիւն` հակառակ բազմաթիւ անկախ մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու եզրակացութեան, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է։ 

3) Էրտողան կը փորձէ մէկ մշուշոտ ուղերձով շղարշ քաշել Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան վրայ՝ սկսած Հայաստանի անօրէն ցամաքային շրջափակումէն մինչեւ հակահայ քարոզչութիւն եւ ժխտողական աշխատանք աշխարհով մէկ, մինչեւ վերջերս Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումներուն բացայայտ մեղսակցութիւն։ Թուրքիոյ վարչապետը կը փորձէ այս քայլով մեղմել իր ղեկավարած պետութեան վրայ միջազգային համայնքին կողմէ կատարուող ճնշումը՝ առերեսուելու իր իսկ պատմութեան հետ։

4) Վարչապետ Էրտողան կը շարունակէ ոչ միայն խեղաթիւրել պատմութիւնը, այլև՝ զրկել Թուրքիոյ հասարակութիւնը իր ճշմարիտ պատմութիւնը գիտնալու հնարաւորութենէն։

Կիրոյ Մանոյեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ