Սթոքհոլմ
Տարօրինակ է, թէ ինչպէս այն տեղերն ու անունները, որ կեանքիս մէջ չեմ տեսած՝ մտքիս մէջ դրոշմուած են: Կարսի, Վանի, Աղթամարի, Մալաթիոյ, Մարաշի եւ Ատիեամանի աներեւոյթ քարտէսները դրոշմուած են մարմնիս վրայ: Անգիր գիտեմ զանոնք: Հաւանաբար հին քարտէսներ են, ամենայնդէպս այսօրուան Թուրքիոյ մէջ գտնուող վայրերու քարտէսներ են: Հայրենիքէն եկած տարօրինակ մանրամասնութիւններ, ձայներ եւ բոյրեր, ինծի փոխանցուած են: Ես գիտեմ Վանայ ծովի հրաշալի ձուկերուն մասին, Տիգրանակերտի վիթխարի ձմերուկներուն մասին, իսկ մօտաւորապէս կրնամ շնչել գետնին բոյրը՝ երբ կ’անձրեւէ Սասնոյ մէջ:
Ինչպէ՞ս կրնամ այսքան տեղեկութիւններ ունենալ երբ ես զանոնք անձնապէս չեմ ապրած:
Պարզապէս քանի որ ես ծնած եմ մէջս ունենալով այս յիշողութիւնները: Երկրի եւ կորսուած տան յիշողութիւնը:
Հօրենական կողմէ նախահայրերս Մարաշէն եւ Ատիեամանէն են, իսկ մօրենական կողմէ՝ Մուսալեռէն եւ Պէլէնէն:
Չորսն ալ իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն սորվեցուցած են սիրել ու փայփայել կորուսեալ հայրենիքը: Իմ մեծ հայրս փոքր մանչ մըն էր Մարաշէն, որբի զաւակ մը, որ կորսնցուցած էր իր ամբողջ ընտանիքը՝ 11 եղբայրներ եւ քոյրեր: Իր հայրը անհետ կորսուած էր, իսկ մայրը սառելով մահացած էր տարագրութեան ճամբաներուն վրայ: Մեծ մայրս առեւանգուած եւ բռնաբարուած էր, երբ ան միայն 12 տարեկան էր: Ան երբեք չծիծաղեցաւ, չժպտաց, իր կեանքին մէջ: Ան երբեք զիս չգրկեց: Ան քալող դիակ էր: Անոր բառերը իր լռութեան մէջ էին: Իմ մեծ մեծ հայրս դատախազ մըն էր, որ դատարանին մէջ մահապատժի ենթարկուեցաւ իր օգնականին հետ: Իմ մեծ հայրերէս խլուեցաւ կեանքի իրաւունքը, արժանապատիւ ուսման իրաւունքը, իրենց ուրախութեան եւ բնականոն կեանքի առիթը:
Ես մեծ բեռ մը ուսերուս վրայ շալկած մեծցայ: Ծնողքս եւ մեծ հայրերս մէկ խնդրանք ունէին. Չմոռնալ: Երբեք չմոռնալ անապատի աւազներուն մէջ կորսուած սիրելիներուն յիշատակը, մահուան դաշտերուն մէջ կորսուած մարդոց յիշատակը:
Այսօր ես կը հասկնամ թէ ինչ կը նշանակէ ընտանեկան գերեզման չունենալը: Գերեզմանը այն տեղն է, ուր կը տեսնես ինքզինքդ, ներկադ, անցեալդ եւ ապագադ: Ինձմէ խլուածը այս շարունակականութիւնն է, պատկանելիութեան զգացումը: Այսօր ես երկրագունդի վրայ կը պտտիմ եւ զիս սնուցանող արմատներ կը փնտռեմ՝ մեր մտքերն ու հոգիները սնուցանող արմատներ: Կը յուսամ որ թուրք ժողովուրդը պիտի հասկնայ այս վիճակը: 1915-ի պատճառած ցաւը չէ անհետացած, հակառակը՝ այն դարձած է տեւական եւ քրոնիկ: Միակ բուժումը արդարութիւնն է: Օգնեցէք մեզի որ վերադառնանք, կարենանք մեր մեռելները գտնել եւ իրենց յարգալից թաղում մը կատարել: Թոյլ տուէք որ գտնենք հաւաքական գերեզմանները եւ զանոնք յարգանքի յուշակոթողներ դարձնենք:
Մենք կ’ուզենք տուն վերադառնալ:
Ես կ’ուզեմ տուն վերադառնալ:
http://www.agos.com.tr/haber.php?seo=iyilesme-adaletle-olacak&haberid=7036
Leave a Reply