Հոլանտ պիտի մասնակցի Փարիզի մէջ կայանալիք Ապրիլ 24ի ոգեկոչման

ՀոլանտՖրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ներկայ պիտի գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Քանատա հրապարակին վրայ՝ Կոմիտասի արձանին առջեւ: Ֆրանսայի նախագահին գրասենեակը հաստատած է այս տեղեկատուութիւնը:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ «Հանրապետութեան նախագահին միջոցով յարգանք պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին։ Ասիկա նշանակալի իրադարձութիւն է, զոր պէտք է գնահատել ըստ արժանւոյն՝ նկատի ունենալով Ֆրանսայի միջազգային հեղինակութիւնը», նշած է խորհուրդը։
«Հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը ցոյց կու տայ անոր հաւատարմութիւնը՝ իր յանձնառութիւններուն», նշած է խորհուրդը՝ նկատի ունենալով նախագահական ընտրարշաւին ընթացքին Ֆրանսուա Հոլանտի տուած խոստումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի արարողութիւններուն ներկայ ըլլալու:
Ֆրանսայի ղեկավար ընտրուելէն ի վեր Հոլանտ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ներկայ պիտի ըլլայ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման ձեռնարկին։
«Ներկայութիւն՝ իր Հայաստան մեկնելու նախօրեակին, միջազգային լարուած իրավիճակին մէջ, դրոշմուած Քեսապի ցեղային մաքրազտմամբ, ինչպէս նաեւ թրքական կառավարութեան ժխտողականութեան արմատականացմամբ: Ֆրանսայի նախագահին խօսքը յատկապէս կարեւոր է եւ սպասելի, Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող քաղաքացիներուն համար», շեշտած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը՝ կոչ ուղղելով ֆրանսացիներուն բազմամարդ մասնակցութիւն բերելու Ապրիլ 24ի ոգեկոչման։

http://asbarez.com/arm/190757/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ