Արամ Արք. Աթէշեան Վագըֆի մէջ հանդիպում ունեցաւ քեսապահայերուն հետ

Aram AtesyanՊՈԼԻՍ.- Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, երկուշաբթի, ապրիլ 14ին, ընկերակցութեամբ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի, մեկնեցաւ Անտիոք, ուր՝ օդակայանին մէջ, դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի եւ Իսքենտերունի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի կողմէ:
Պատուիրակութիւնը, աւելի ուշ հասաւ Վագըֆ եւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին ուխտի աղօթքը, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քեսապցի հայերու հետ հանդիպում ունեցան, այդ ընթացքին պոլսահայութեան եւ համայնքային հաստատութեանց զօրակցութիւնը յայտնեցին եւ իրենց կարիքներն ու փափաքները լսեցին:
Արամ սրբազան ի միջի այլոց ըսաւ. «Մենք այստեղ կը փափաքէինք ձեզ այլ ուրախ առիթով հիւրասիրել, սակայն կացութիւնը յստակ է, եւ մենք կ՛ուզենք, որ դուք այստեղ զգաք ձեզ իբրեւ ձեր հարազատ տան մէջ: Մենք պատրաստ ենք ձեզի օժանդակելու, եւ արդէն իսկ քայլեր առնուած են: Բարի եկած էք: Ձեր երդիքն է այստեղ, որքան ատեն որ կը կամենաք»:
Նշենք, որ 22ի կը հասնի թիւը Քեսապէն Վագըֆ ապաստանածներուն, որոնցմէ 17ն փափաք յայտնած է մեկնիլ Լիբանան կամ Լաթաքիա: Այս ծիրէն ներս պետական օժանդակութեամբ եւ յատուկ կարգադրութեամբ, անոնք պիտի մեկնին Լիբանան կամ Լաթաքիա, իրենց հարազատներուն մօտ: Իսկ 5 անձեր փափաք յայտնած են հաստատուիլ Վագըֆ:
«Պէտք է յիշել, որ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտօղլու, յանուն կառավարութեան, կարեւոր աջակցութիւն եւ լուծումներ կ՛որոնէ ի նպաստ Քեսապի հայ ժողովուրդին, որոնք ապաստանած են Վագըֆգիւղ:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կայացած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափան, Սամանտաղի գաւառապետ Սիւլէյման Էօզչաքըճը, Սամանտաղի ոստիկանապետը եւ շրջանի զինուորական հարիւրապետը: Գաւառապետը եւ ընկերներն ալ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով՝ ըսին, թէ միշտ քովն են նեղութեան մէջ գտնուող դրացի ժողովուրդին: Ներկաներ, մէկ առ մէկ զրուցեցին քեսապահայերու հետ: Երախտագիտութեամբ շնոր-հակալութիւն յայտնեցին նաեւ Արամ սրբազանին, որ այցելութեան եկած էր: Վագըֆգիւղ ապաստանած քեսապահայոց ի նպաստ, Հայոց պատրիարքարանի գլխաւորած մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը:

http://asbarez.com/arm/190400/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ