Արամ սրբազան եւ Թաթուլ հայր սուրբ երէկ Վագըֆգիւղ Գացին
Պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, 14 Ապրիլ 2014, Աւագ Երկուշաբթի, իրեն հետ ունենալով Պատ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, օդային ճամբով մեկնեցաւ Անտիոք։
Նորին Սրբազնութիւնը եւ Հայր Սուրբը օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Իսքէնտերունի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի կողմէ։ Անոնք« աւելի վերջ հասան Վագըֆգիւղ եւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։ Հոգեւոր հայրեր աւելի վերջ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Քեսապցի հայերու հետ հանդիպում ունեցան, որու ընթացքին Իսթանպուլահայութեան եւ համայնքային հաստատութեանց զօրակցութիւնը յայտնեցին եւ իրենց կարիքներն ու փափաքները լսեցին։ Արամ Սրբազան ի միջի այլոց ըսաւ. «Մենք այստեղ կը փափաքէինք ձեզ այլ ուրախ առիթով հիւրասիրել, սակայն կացութիւնը յստակ է եւ մենք կ’ուզենք որ դուք այստեղ զգաք ձեզ իբրեւ ձեր հարազատ տան մէջ։ Մենք պատրաստ ենք ձեզի օժանդակելու եւ արդէն իսկ քայլեր առնուած են։ Բարի եկած էք։ Ձեր երդիքն է այստեղ« որքան ատեն որ կը կամենաք»։
Պէտք է յիշեցնել թէ այսօր Քեսապէն Վագըֆգիւղ ապաստանածներու թիւը կը կազմէ 22 հոգի, որոնցմէ 17 հոգի փափաք յայտնած են մեկնիլ Լիբանան եւ կամ Լաթաքիա։ Անոնց մեծամասնութիւնը տարեցներէ կը բաղկանան։ Այս ծիրէն ներս, պետական օժանդակութեամբ եւ յատուկ կարգադրութեամբ, անոնք պիտի մեկնին Լիբանան եւ կամ Լաթաքիա` իրենց հարազատներուն մօտ։ Իսկ 5 անձեր փափաք յայտնած են հաստատուիլ Վագըֆգիւղի մէջ։ Պէտք է յիշել որ Արտաքին Գործոց Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու« յանուն կառավարութեան կարեւոր աջակցութիւն եւ լուծումներ կþորոնէ ի նպաստ Քեսապի Հայ Ժողովուրդին« որոնք ապաստանած են Վագըֆգիւղ։
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կայացած հանդիպման մասնակցեցան նաեւ տեղւոյն Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափան« Սամանտաղի գաւառապետ Սիւլէյման Էօզչաքըճը« Սամանտաղի ոստիկանապետը եւ շրջանի զինուորական հարիւրապետը։ Գաւառապետը եւ ընկերներն ալ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով ըսին թէ միշտ քովն են նեղութեան մէջ գտնուող դրացի ժողովուրդին։ Ներկաներ մի առ մի զրուցեցին Քեսապահայերու հետ։ Անոնք ամբողջ օր միասին ժամանակ անցուցին թէ գիւղի համայնքի անդամներուն եւ թէ Քեսապահայերու հետ։ Հարկ է նշել, որ անոնք թէ’ պետական աւագանիին, թէ’ գիւղացիներուն, թէ’ Իսթանպուլահայութեան եւ թէ այս երկրի հայրենակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հետաքրքրութեան համար։ Երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Արամ Սրբազանին, որ այցելութեան եկած էր։ Վագըֆգիւղ ապաստանած Քեսապահայոց ի նպաստ« Հայոց Պատրիարքարանի գլխաւորած մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի։
Արամ Սրբազան եւ Հայր Սուրբը այսօր« 15 Ապրիլ 2014« Աւագ Երեքշաբթի պիտի վերադառնան քաղաքս։
ՖԱՐՈՒՔ ԼՕՂՕՂԼՈՒԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԱՄՆ–ի ծերակոյտի կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւը՝ ճէ–հէ–փէի տեսանկիւնէն
Ճէ-Հէ-Փէի Փոխ Կուսակցապետ Ֆարուք Լօղօղլու կարծիք յայտնեց ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնախումբին կողմէ մեծամասնական քուէով ընդունուած հայկական ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին եւ ըսաւ որ ԱՄՆ-ի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները դիւրաբեկ դարձած են ու դժուարին շրջան մը կը սպասէ Թուրքիոյ։
Լօղօղլու, Խորհրդարանի մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով միջազգային իրադարձութիւններու ալ, քննադատեց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յիշեցուց որ արտասահմանի մէջ յամառօրէն կը պնդուի որ Սուրիոյ վրայ կատարուած քիմիագիտական յարձակումը կատարուած էր ոչ թէ Սուրիոյ պաշտօնական իշխանութեան կողմէ, այլ կարգ մը շրջանակներու կողմէ որոնց մաս կը կազմէ նաեւ Թուրքիա։ Այս պնդումները հերքուեցան Թուրքիոյ կողմէ, բայց այսպիսի պնդումներու տէրերը յառաջ կը քշեն տեղեկութիւններ ու փաստաթուղթեր որոնք չեն կրնար անտես առնուիլ։ “Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը Սուրիոյ հարցին մէջ պէտք է ըլլայ աւելի թափանցիկ ու աւելի համոզիչ” ըսաւ Լօղօղլու։ Եթէ Թուրքիա գիտէ թէ քիմիագիտական զէնքերը որոնց կողմէ գործածուած են, պէտք է բացատրութիւն տայ ամբողջ աշխարհին։ Պայման է նաեւ որ կառավարութիւնը ջնջէ Թուրք հանրային կարծիքին սնուցած կասկածները։
Գալով Ծերակոյտի Յանձնախումբին կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւին, Լօղօղլու ըսաւ որ այս բանաձեւը երկար ընդմիջումէ մը վերջ Ծերակոյտի մակարդակով առաջին անգամ է որ ընդունուած եղաւ։ Ազդանշաններ կան որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը առաջուան չափ ազդեցիկ պիտի չկարենայ ըլլալ Քոնկրէսին վրայ։ “Արդէն Ամերիկա անհանգիստ է կարգ մը կէտերէ, օրինակ անհանգիստ է կարգ մը հիմնական ազատութիւններու բռնաբարումէն, անհանգիստ է Իսրայէլի դէմ Թուրքիոյ ընդգրկած քաղաքականութենէն։ Իսկ հայերը մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ պիտի ընեն որպէսզի հայկական ցեղասպանութեան պնդումներու հարիւրամեակի նախօրեակին իրենց ի նպաստ որոշում հանել տան թէ_ Ներկայացուցիչներու Ժողովէն, թէ_ Ծերակոյտէն։ Մեր առջեւ դժուարին շրջան մը կայ։ Մենք պիտի նախընտրենք որ 2015 թուականը բեկումի տարի չըլլայ, այլ ընդհակառակը ըլլայ ժամադրութեան մը տարին։ Հայերը ո_չ իրենց պնդումները պիտի կարենան պարտադրել մեզի, ոչ ալ պիտի ընդունին մեր տեսակէտները, ուրեմն ճիշդ կ՚ըլլայ որ 2015 թուականը մեկնաբանուի ստեղծագործական մերձեցումով, որպէսզի իրարու հետ ժամադրուինք երկու կողմէ ընդունելի կէտի մը վրայ, ըսաւ Լօղօղլու։
«Տէյլի թէլէկրաֆ» կը գրէ. «Քեսապի յարձակումներու ընթացքին Թուրքիան օգնեց ապստամբներուն»
Անգլիոյ մէջ հրատարակուած Տէյլի Թէլէկրաֆ թերթը առաջ քշեց այն պնդումը թէ Թուրքիան է որ օգնած է Սուրիոյ հայկական Քեսապ գիւղը գրաւող ապստամբ ուժերուն։
Լուրը ստորագրուած է Ռութ Շէրլոք անուն յօդուածագրին կողմէ, որ կը գրէ թէ Սուրիացի ապստամբ զինուորները Թուրքիոյ կողմէ արտօնուեցան ներխուժելու Սուրիոյ սահմանակից Քեսապ հայաբնակ քաղաքը։ Ապստամբ ուժերէն պատասխանատու մը ըսած է. “Հարկ էր տարբեր անկիւնէ մը յարձակիլ։ Ծովեզերքի միակ անցքը Թուրքիոյ սահմանն էր։ Կարճ խօսքով, Թուրքիոյ ապահոված օգնութիւնը մեծ օգնութիւն էր”։
Պետրոս կեղծանունով 45ամեայ Քեսապահայ մը որ խօսած է Թէլէկրաֆ թերթին, հետեւեալը ըսած է յարձակումի մասին. “Թնդանօթներու ձայնով արթնցանք։ Հագուելու համար ժամանակ չունէինք։ Կինս եւ զաւակներս առի եւ փախայ։ Մեզի հետ որեւէ բան առնելու ժամանակ չունէինք։ Կարգ մը մարդիկ ստիպուեցան գիշերանոցներով փախիլ”։
Անգարա անհիմն եւ սուտ կ՚որակէ պնդումները
Թերթը կը գրէ որ երբ Քեսապը Էլ Քաիտէի կապուած իսլամական խմբակներու ձեռքը անցաւ, երկու հազար անձեր փախուստ տուին եւ լքեցին քաղաքը։
Պետրոսի մէկ ազգականը յայտնած է, որ ինք իսլամական ապստամբները տեսած է Թուրք զինուորներու հետ կողք կողքի։ Պետրոս իր տեղեկատուութեան մէջ նշած է, որ թնդանօթաձգութիւնը սկսած է Թուրքիոյ սահմանէն։
Թերթը կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիոյ Արտաքին նախարարութիւնը այս մասին կատարուած պնդումները բոլորովին անհիմն եւ սուտ կ՚որակէ։
Թերթին լուրը կը շարունակուի հետեւեալ կերպով. «Թուրքիա թէեւ սուտ կ՚որակէ լուրը, եւ սակայն, Թուրքիոյ յայտարարութիւնները կը հակասեն Մարդկային իրաւանց հետապնդումի կազմակերպութեան (ՄԻՀԿ) կատարած ստուգումներուն եւ ականատեսներու վկայութիւններուն։ ՄԻՀԿ-ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատասխանատուն Լամա Ֆաքիհ, «Տէյլի Թէլէկրաֆ» թերթին իր կատարած յայտարարութեան մէջ նշեց, որ անհնարին էր, որ առանց Թուրքիոյ գիտակցութեան այս խմբակները Սուրիա անցնէին։
Ֆաքիհ հետեւեալը ըսաւ. «Երկար ատենէ ի վեր ապստամբ ուժերու ցանկութիւնն էր յարձակիլ Քեսապի վրայ։ Բայց Թուրքիա նախապէս ատոր արտօնութիւն չտուաւ։ Անցքը արգիլեց։ Որովհետեւ, որպէսզի յարձակումը յաջողութեամբ պսակուէր, պէտք էր որ ամբողջական միասնութիւն մը ըլլար»։
Թերթը կը գրէ, որ կատարուած յարձակումը հայերու յիշողութեան մէջ կը վերակենդանացնէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ գործադրուած տեղահանութեան յուզումնալի դէպքերը» եւ այդ քաղաքի բնակիչները իրենց նախորդ սերունդներու պատմած յիշատակներով մեծցած են։
Leave a Reply