Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Աւագ շաբթուայ ուղերձը

imagesՍիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Մեծ Պահքի աղօթական, հոգեշահ եւ խոկումնալի օրերն են, ինքնաքննութեան, զղջումի, ապաշխարութեան օրեր՝ հոգեպէս նորոգուելու եւ մեր կեանքի մէջ մէկզմէկու հանդէպ սէրը, բարեպաշտութիւնն ու պատուիրանապահութիւնը զօրացնելու տեսակէտէ։

Տէրունապատուէր եղբայրասիրութեան, համերաշխութեան, իրարու զօրակցութեան ազնիւ մղումն ու բարի ձգտումը հզօր ու կենսական ոյժ է որ մեզ պիտի օգնէ դիմագրաւելու մեր կեանքի դժուարութիւնները, անսասան պահելու ազատ ու խաղաղ մեր հայրենիքի հիմերը։ Աստուծոյ պատուիրաններու իրագործումով է որ անձնական ու ազգային մեր կեանքի մէջ լայնօրէն պիտի բացուին Աստուծոյ ողորմութեան եւ օրհնութեան դռները։

Մուտք գործեցինք Աւագ Շաբաթէն ներս։ Եկեղեցական արարողութիւններու խորհուրդով, մեր մտորումներով ու ապրումներով մասնակից կը դառնանք մեր Տիրոջ երկրային կեանքի վերջին օրերու իրադարձութիւններուն, մեր Փրկչի կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան ու մահուան, նաեւ՝ սքանչելագործ յարութեան, որով մարդկութեան շնորհուեցաւ յարուցեալ կեանք՝ երկրի վրայ եւ յաւիտենական կեանք՝ երկնային արքայութեան մէջ։

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ,

Աւագ շաբթուայ հոգեշէն խորհուրդը հրաւէր դարձնենք դէպի Աստուած մեր գնացքը զօրացնելու համար, մեզմէ վանենք անարժան ամէն տեսակի գործեր, խօսք ու մտածում, որպէսզի մաքրամաքուր սրտով, յուսառատ ու խնդագին հոգիով ընդունինք կենարար աւետիսը մեր Տիրոջ յարութեան։ Ջանանք որ մեր իրականութեան մէջ ամենուրեք դրսեւորուի քրիստոնէական ոգին, արժեւորուին հոգիի ազնութիւնն ու նուիրումը, արդարամտութիւնը, կարեկցանքն ու գութը, որոնք Աստուծոյ կը մերձեցնեն մեզ։ Աղօթենք մէկզմէկու համար, մեր միասնական աղօթքը բարձրացնենք Սուրիոյ ժողովուրդի, Քեսապի ու համայն սուրիահայութեան համար եւ աջակցութիւն բերենք, որպէսզի ծայրայեղական զինեալներու կողմէ տեղահանուած Քեսապի մեր եղբայրներն ու քոյրերը դիմակալեն դժուարութիւնները եւ Տիրոջ կամքով ապահով վերադառնան իրենց բնակավայրերը, շարունակեն ապրիլ խաղաղութեամբ։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն Հայրապետական օրհնութեամբ, Մեր սրտէն բխած ամենաջերմ եւ աստուածային օրհնութեամբ զօրացած՝ միշտ մնանք հաւատարիմ զաւակները Աստուծոյ, հարազատ զաւակները մեր ազգի եւ մեր սուրբ եկեղեցիի։

Թող երկնապարգեւ խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի բոլոր անկիւններու մէջ, անսասան թող մնայ մեր անկախացեալ հայրենիքը ու խաղաղութիւն տիրէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ