Ռոյս Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման

ՌոյսԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը, Ապրիլ 24ին Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցի Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան:
Ըստ «Orange County Register»ի՝ Ռոյսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ Ուքրանիա եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ:
Քոնկրեսականը նշած է, որ գտնուելով բարդ տարածաշրջանի մը մէջ՝ Հայաստան կը պայքարի ժողովրդավարութիւն եւ բարեկեցութիւն կառուցելու համար, նշելով, որ նախորդ դարասկիզբի առաջին ցեղասպանութիւնը կատարուած է հայերուն դէմ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կ՛ողջունէ Ռոյսի պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը, որ շատ լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ քոնկրեսականին՝ անձամբ ծանօթանալու համար տնտեսական շրջափակման տակ գտնուող Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ու պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններ սերտացնելու ջանքերուն:
«Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը Հայաստան այցելելու քայլը ցոյց կու տայ, թէ ատենապետը որքանո՛վ նուիրուած է այս գծով իրականութեանց բացայայտման եւ ոճիրին արդար հատուցում ապահովելու ջանքերուն», կ՛աւելցնէ Համբարեան:

http://asbarez.com/arm/190136/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ