Քեսապի Մէջ Հայ Երիտասարդ Մը Սպաննուած Է

Գէորգ ՋուրեանԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, ապրիլ 11ին, «Սիվիլնեթ»ը շարք մը վստահելի աղբիւրներէ հաստատած է, որ Գէորգ Ջուրեան՝ Բաբգէն եւ Նուարդ Ջուրեաններու որդին, սպաննուած է սուրիական զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ՝ Քեսապ մնացած հայերուն մօտ զէնքեր փնտռելու գործողութեան մը ընթացքին: Սպանութիւնը տեղի ունեցած է Քեսապի մէջ, երբ գլխաւորաբար տարեցներէ բաղկացած խումբը կը տեղահանուէր դէպի Թուրքիա: 23ամեայ Գէորգ Ջուրեանի ծնողները, հօրեղբայրները եւ մեծ մայրը, 21 հոգինոց խումբի մը հետ տեղափոխուած էին Վագըֆ:

Վագըֆի հայ համայնքի ներկայացուցիչները դիմած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ յայտնաբերուին եւ ազատ արձակուին այն հայերը, որոնք, հաւանաբար, տակաւին կը գտնուին իսլամ ծայրայեղական զինեալ խումբերու մօտ:

http://asbarez.com/arm/190025/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ