Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նշումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերուն Մէջ. Համագումար. Անթիլիաս, չորեքշաբթի 9 ապրիլ 2014

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԹեմՉորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչեները, կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները եւ հրաւիրեալ մասնակիցներ գումարեցին 100-ամեակի ծրագիրները համադրող համագումար մը:

Համագումարը լսեց վեհափառ հայրապետին պատգամը, ծանօթացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ քննարկեց կիլիկեան թեմերու 100-ամեակի յանձնախումբերու զեկուցումները:

Համագումարը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան աշխատանքները հունաւորել վեհափառ հայրապետին կողմէ իբրեւ մեկնակէտ ու նպատակակէտ ճշդուած նշանաբանով` «Յիշել, յիշեցնել ու պահանջել»: Արձանագրելով հանդերձ, որ տարբեր վարչաձեւերու ու քաղաքական յարափոփոխ պայմաններու տակ գործող թեմերու ազգային մարմիններն ու 100-ամեակի յանձնախումբերը բնականաբար տարբեր տարողութեամբ ձեռնարկներ կրնան իրականացնել, համագումարը հաստատեց, սակայն, որ անոնք պէտք է պահպանեն նոյն ուղղուածութիւնը եւ նոյն նպատակները:

Որդեգրելով Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամով առաջադրուած սկզբունքները` համագումարը կը հաստատէ հետեւեալները.

1) Միասնականութիւնը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր մտածումներուն, նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն:

2) 100-ամեակը պէտք է նշուի համահայկական տարողութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւատէրն է Հայ դատին, իսկ սփիւռքահայութիւնը` գլխաւոր զոհը հայրենազրկումին: Մէկ հայրենիք, մէկ հայութիւն եւ մէկ պահանջատիրութիւն նշանաբանին տակ, հայութեան բոլոր հատուածները գործնապէս պէտք է մասնակցին 100-ամեակին:

3) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հասկնալի պատճառներով շեշտաւորումի տարբերութիւնը պէտք չէ առաջնորդէ խաչաձեւումներու:

4) 100-ամեակի գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ պահանջատիրութիւնը` անցում կատարելով ճանաչումէն դէպի հատուցում:

5) Նախաձեռնուած աշխատանքները պէտք է ունենան գործնական բնոյթ ու հիմնուած ըլլան միջազգային իրաւունքին, ցեղասպանութեան ոճիրի անժամանցելիութեան, մարդու ու ազգերու իրաւունքներու համաշխարհային սկզբունքներուն վրայ:

6) 100-ամեակի աշխատանքները պէտք է թիրախ ունենան ցեղասպան թրքական պետութիւնը եւ ուղղուած ըլլան միջազգային համայնքին:

7) Պահանջատիրական աշխատանքները պէտք է փոխադրենք Թուրքիա` բացուելով թուրք մտաւորականութեան ու քաղաքացիական հասարակութեան, քրտական շրջանակներուն, հայութեան մնացորդացին ու իսլամացուած հայերուն ուղղութեամբ:

8) Շեշտը պէտք է դնենք հայ ժողովուրդի հայրենազրկումի իրողութեան վրայ, միաժամանակ կատարելով եկեղեցապատկան, ազգապատկան եւ անհատական կալուածներու ցանկագրումը:

9) Դուրս գալով լոկ հայութեան հասցէագրուած աշխատանքներու ոճէն, մեր նախաձեռնութիւնները պէտք է ուղղենք մեր ապրած երկիրներու անմիջական շրջապատին ու միջազգային համայնքին: Այս նպատակով, պէտք է ազդու կերպով օգտագործել տեղեկատուական ու հաղորդակցական արդի միջոցները:

10) 100-ամեակը վերածել մեկնակէտի մը` պահանջատիրութեան աւելի նպատակաուղղուած ու ազդու պայքարի ծաւալման համար:

11) Կոչ ուղղել հայ ազգային կառոյցներուն, ունեւոր ազգայիններուն ու առհասարակ հայ հասարակութեան` հայթայթելու նիւթական անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ իրագործել 100-ամեակով սկսող լայնածաւալ աշխատանքները:

http://www.aztagdaily.com/archives/181884

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ