Տաւութօղլու եւ Քերի քննարկած են Հայկական ցեղասպանութեան հարցը

indirԵՐԵՒԱՆ, «Ի Լուր».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերիի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը:

Տաւութօղլու նշած է, որ հայամէտ ծերակուտականներու կողմէ Ծերակոյտին ներկայացուած եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը Թուրքիոյ կառավարութեան մօտ մտահոգութիւն յառաջացուցած է:

Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:

Ապրիլ 3-ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած էին Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւ մը՝ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ շարունակէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները՝ հիմնուելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչման վրայ:

Աւելի կանուխ, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն եւ Մայքըլ Կրիմ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած էին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը, որ արդէն իսկ ունի աւելի քան 50 հովանաւոր:

Նշենք, որ Շիֆ Ապրիլ 9-ին, Ներկայացուցիչներու տան բեմէն «բաց նամակ» մը կարդաց՝ ուղղուած Թուրքիոյ ժողովուրդին, շեշտելով Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր համար ներողութիւն խնդրելու կարեւորութիւնը:

http://asbarez.com/arm/189913/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ