Զարաքօլու Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ըրաւ Քոնկրեսին մէջ

ԶարաքօլուՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ չորեքշաբթի, ապրիլ 9ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս անգամ մը եւս Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առած են, աւելի քան երկու տասնեակ քոնկրեսականներու աջակցութեամբ:
Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով մարդկային իրաւանց թուրք իրաւապաշտպան մը՝ Ռակըփ Զարաքօլու, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը շեշտած է:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցչութեանց եւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը տեղի ունեցած է Քոնկրեսի «Ռէյպըրն» մասնաշէնքի «Ոսկեայ» սրահին մէջ, իսկ անոր հանդիսավարը եղած է Ֆիլատելֆիայէն Հայ Դատի ղեկավար տոքթ. Արա Չալեան:
Նշեալներու կողքին, ելոյթներ ունեցած են ծերակուտականներ Ճեք Ռիտ, Շելտըն Ուայթհաուս, Էտ Մարքի, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Քեթրին Քլարք, Ճան Քանիըրզ, Ճիմ Քոսթա, Տենի Տէյվիս, Ճենիս Հան, Ճիմ Լենկվին, Քերոլայն Մըլոնի, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Լինտա Սանչեզ, Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր, Ճան Թիէրնի եւ Տինա Թայթըս:
Իրենց պատգամները փոխանցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, մինչ հոգեւոր պատգամներ փոխանցած են Անուշաւան եպս. Դանիէլեան եւ Վիգէն արք. Հայկազեան:
«Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ լաւ բարեկամ է, սակայն եթէ իսկական ընկերն է, ապա պէտք է այլ ձեւով գործէ՝ պէտք է աջակցի Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան, իսկ Թուրքիոյ մէջ իսկական ժողովրդավարութիւնը կը սկսի առերեսուելով պատմութեան հետ, մե՛ր պատմութեան, 1915ի իրականութեան», իր խօսքին մէջ նշած է Զարաքօլու:
«Կ՛ողջունենք Ռակըփ Զարաքօլուն, որ իր խիզախ պատգամը այս երեկոյեան լսելի դարձուց Քոնկրեսի դահլիճին մէջ: Յարգուած թուրք մտաւորականին, ինչպէս նաեւ ատենապետներ Մենենտեզի եւ Ռոյսի ու գրեթէ երկու տասնեակ օրէնսդիրներու հնչեցուցած հզօր խօսքերը ազդու ազդանշաններ են Թուրքիոյ եւ Ուաշինկթընի մէջ անոր դաշնակիցներուն համար՝ մեր համայնքի սկզբունքային դիրքորոշման եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան նուիրուածութեան մասին», նշած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

http://asbarez.com/arm/189907/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ