Վատահամբաւ մը խորհրդարանին մէջ յարձակեցաւ Քըլըճտարօղլուին վրայ. Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետը աչքին վրայ ծանր հարուած ստացաւ
Երէկ պատահեցաւ դէպք մը որ կարծես անբաղձալի հետեւանքներէն մէկն էր շրջանային վերջին ընտրութիւններու ընթացքին ստեղծուած պայթուցիկ մթնոլորտին, այդ ընտրարշաւի ընթացքին քաղաքական ղեկավարներու կողմէ կատարուած սանձարձակ ճառախօսութիւններուն, մէկզմէկու հասցէին տեղացած նախատինքներուն։ Բռունցքները գործել սկսան։
Երէկ Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քըլըճտարօղլու անակնկալ կերպով նշաւակ դարձաւ մէկու մը յարձակումին ու իր աչքին վրայ բռունցքի ծանր հարուած մը ստացաւ։ Քըլըճտարօղլուի ակնոցը կոտրեցաւ ու ձախ աչքը դարմանումի տակ առնուեցաւ։ Դէպքը երէկ իրիկուն մեծ աղմուկ յառաջացուց։ Նախայարձակը, Օրհան Էօվէթ անուն անձ մըն է, որ Քըլըճտարօղլուին վրայ յարձակեցաւ երբ ան կուսակցութեան խմբակի ժողովի ընթացքին իր ճառախօսութիւնը ընելու կ՚երթար Խորհրդարանին մէջ եւ կը խօսէր այլ քաղաքական դէմքերու հետ։ Զարմանալի է որ Քըլըճտարօղլուի թիկնապահները չէին կրցած արգելք ըլլալ այսպիսի յարձակումի մը։ Յայտնուեցաւ որ նախայարձակ Օրհան Էօվէթ վատահամբաւ մըն է, որ անցեալի մէջ ունի 26 յանցագործութիւններու արձանագրութիւն։
Յարձակման առաջին ցնցումէն փրկուելէ վերջ Քըլըճտարօղլու Խորհրդարան մտաւ յաղթական ոճով եւ մինչ Ճէ-Հէ-Փէականները “Քըլըճտարօղլու վարչապետ” կը պոռային, ան բոլորը հրաւիրեց հանդարտ ու պաղարիւն ըլլալու։
Թուրքիոյ քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ, սկսեալ Նախագահ Կիւլէ ու Վարչապետ Էրտողանէ, երէկ իրիկուն բուռն կերպով պախարակուեցաւ այս յարձակումը։ Որքան ալ այսպիսի յարձակում մը ու աչքի վրայ ստացուած վտանգաւոր հարուած մը ցաւալի ու քննադատելի ըլլայ, կարելի է մտածել որ Քըլըճտարօղլու աւելի շահաւոր ելաւ այս յարձակումէն, քան թէ պարտեալ։
Նախայարձակ Օրհան Էօվէկ, որ հոն գտնուող երեսփոխաններու ու քաղաքագէտներու կողմէ բռնուեցաւ ու ծեծի ալ ենթարկուեցաւ, ոստիկաններուն յայտարարեց որ “Քըլըճտարօղլուն հայրենադաւ մըն է, ինք ծայր աստիճան ջղայնացած էր անոր ճառախօսութիւններէն”։ Նախայարձակը ըսաւ որ ինքզինք մօտիկ կը զգայ Ալփէրէն կոչուած կազմակերպութեան։ Բայց Ալփէրէնի ղեկավարութիւնը հաղորդեց թէ այս անձը որեւէ կապ չունի իրենց կազմակերպութեան հետ։
Տողու Փէրինչէքի կարծիքով Էօճալան անուն մէկը չկայ, ՄԻԹ–ը կայ
Բանուորական Կուսակցութեան պետ Տողու Փէրինչէք, որ աջակողմեան մտածողութեան ամէնէն ջերմ պաշտպաններէն մէկն է այժմ եւ որ անցեալները բանտէն ազատ արձակուեցաւ Էրկէնէքոնի հարցով 6 տարի բանտարկուած մնալէ վերջ, երէկ Սի-Էն-Էն-Թիւրք հեռատեսիլէն Ճիւնէյթ Էօզտէմիրի յայտագրին հիւրն էր։ Յայտագրի ընթացքին Տողու Փէրինչէք նորէն յառաջ քշեց իւրայատուկ գաղափարներ։ Ան պնդեց որ Ապտուլլահ Էօճալանը ներկայիս ՄԻԹ կազմակերպութեան ձեռքը խաղալիք դարձած է։
Փէրինչէք, խօսելով Քիւրտերու հետ յայտարարուած հաշտութեան գործընթացին մասին, ըսաւ.
“Ապտուլլահ Էօճալանը բան մը չ՚ըսեր, ՄԻԹ-ի Նախագահ Հասան Ֆիտանն է որ կ՚ըսէ։ Հանրութիւնը թող լաւ հասկնայ այս կէտը։ Ապտուլլահ Էօճալան անուն մարդ մը չկայ, Հասան Ֆիտան անուն կեդրոն մը կայ որ Էօճալանին ըսել կուտայ։ ՄԻԹ-ը կայ։ Էօճալան բացայայտօրէն ինկած է ՄԻԹ-ին ափերուն մէջ”։
Քրտական հարցի մէջ Տողու Փէրինչէք կ՚առաջարկէ հետեւեալը.
“ՓՔՔ զէնքերը թող թողու, ամէն մարդ լեռներէն վար իջնէ, բոլորն ալ բնականոն հայրենակից դառնան, ՓՔՔ անուն կազմակերպութիւնը լուծուի, այն ատեն մենք ալ ընդհանուր ներում հռչակենք”։
Էօճալանն ալ թող օգտուի՞ այդ ընդհանուր ներումէն։ Փէրինչէք հետեւեալը կը պատասխանէ այս հարցումին.
– Օրէնքները բոլորին համար են։
Փէրինչէք աւելցուց որ Թուրքիա ո_չ մէկ հարց կրնայ լուծել ՓՔՔ-ի հետ խօսելով։ Արդէն հաշտութեան գործընթացն ալ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի”։
Այշէ Կիւնայսուի յօդուածը օրուան նիւթին մասին
ՔԵՍԱՊ ԵՐՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄնԿ՚ԱՊՐԻ ՍՊԱՆՆԻՉ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Թուրք յայտնի հրապարակագիր Այշէ Կիւնայսու “Էօզկիւր Կիւնտէմ”ի մէջ հրատարակած է “Քեսապ” 1909 խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան, յուզիչ տողերով կը պատմէ որ այսօր քեսապցի հայերուն գլխուն եկածը 1909ի թուականէն ի վեր երրորդն է։ Ան, իր համակարգիչի պաստառին վրայ կը տեսնէ 30 Յուլիս 1909 թուակիր “Իվնիք Նիւուս Սիտնի” անուն թերթէն լուր մը որ կը կրէ “Քեսապի մէջ կրակ եւ սուր” խորագիրը։ Այշէ Կիւնայսուի համաձայն այն ինչ որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին քէսապցիներուն գլխուն եկաւ, նոյն աշխարհագրութեան վրայ ապրող 30 հազար հայերու սպանութեամբ վերջացած սարսափազդու Ատանայի սպանդին մէկ մասնիկն էր։ Քեսապէն հոգեւորական Սթէֆան Վան Թրոպրիչ, Աւստրալիոյ մէջ մէկու մը ղրկուած իր նամակին մէջ կը պատմէ որպէս առաջին ականատես իր տեսածներն ու իմացածները։ 22 Ապրիլ Հինգշաբթի օր մը թուրքերը եւ արաբները մարթինի հրացաններով յարձակեր են Քեսապի վրայ։ Քիւղաքաղաքը պաշտպանելու կոչուած 300 քեսապցիներուն հրացանները երկարաձիգ չէին, չէին հասներ գրաւիչներուն, ուստի անոնք հասկցան որ գլուխ պիտի չելլեն եւ ժողովուրդը հրաւիրեր են հեռանալու եւ ապաստանելու Գալատուրան գիւղի մէջ։
Այշէ Կիւնայսու 1909ին պատահած այս սպանդին մասին շատ սրտաճմլիկ նկարագրութիւն մը ունի նաեւ Ազնիւ հանըմ անուն կնոջ մը մասին, որ իր չորս զաւակներով ինկաւ հակառակորդներուն ձեռքին մէջ։ Իր ամուսինը զանոնք պահած էր քարանձաւի մը մէջ, բայց նախայարձակները զանոնք գտած էին հոն։ Երախաներէն մէկը մէկ կողմի ժայռերէն, միւսը միւս կողմի ժայռերէն վար նետեցին։ Ազնիւ հանըմն ալ դրին ձիու մը վրայ, բայց երբ ձիուն ոտքը սայթաքեցաւ, տարաբախտ կինն ալ ինկաւ ժայռերէն վար։ Տասը օր վերջ մանչ զաւակն ալ կեանքը կորսնցուց։ Քահանան կը գրէ որ իր կեանքին մէջ պիտի չմոռնայ այն յուղարկաւորութիւնը, որ կատարուեցաւ այդ տղուն համար։ “Երբ Գալատուրան էի, այդ փոքրիկ տղաքը ես իմ ձեռքերով թաղեցի։ Կեանքիս մինչեւ վերջ պիտի չկարենամ մոռնալ այդ սրտաճմլիկ յուղարկաւորութիւնը որ կատարուեցաւ ծառերուն ներքեւ” ըսած է քահանան։ Ուրեմն ինչ որ պատահեցաւ 1909 թուականին, կրկնուեցաւ թէ 1915ին, եւ թէ այսօր 2014 թուականին։ Բոլորին մէջն ալ դերակատարները նոյնն են, նոյնն են նաեւ զոհերը։
Leave a Reply