Մարտ 1-ին, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տէրսիմցի երեք սերունդէ վեց անդամ ընդգրկող իսլամ հայ ընտանիք մը քրիստոնեայ մկրտուեցաւ ձեռամբ Տէր Գուսան Վրդ. Ալճանեանի։ Մեծ մայրէ, երկու զաւակէ, հարսէ ու երկու մանչերէ կազմուած ընտանիքը քանի մը տարիէ ի վեր Թուրքիայէն հաստատուած էր Զուիցերիա։ Այս հաւաքական մկրտութիւնը կը հովանաւորէ Լիոնի Տարօն-Տուրուբերան ընկերակցութիւնը։ Ժընեւէն վեց հայրենակիցներ կնքահայրութիւնը ապահոված են իւրաքանչիւր մկրտեալի։ Մկրտեալները կը հետեւին նաեւ հայերէնի դասընթացքի։
Նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Տէր Ալճանեան, ծնունդով սասունցի է։ Փոքր տարիքէն յաճախած է Երուսաղէմի Թարգմանչացը եւ յետագային կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած է։ Երեսուն տարուան եկեղեցական անցեալ ունի։ Չորս ամիսէ ի վեր իբր հոգեւոր հովիւ կը պաշտօնավարէ Ժընեւի մէջ։
http://www.horizonweekly.ca/news/details/35885
Leave a Reply