Համացանցի վրայ` ցնցիչ յօդուած. «Հայու ծին»

Ermeni-dölü-300x218Ծ. Խմբ.: Համացանցի Թէ-24 կայքէջին վրայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ Եըլմազ Մուրատ Պիլիճանի մէկ յօդուածը, ուր անգամ մը եւս կը պատմուի, թէ այս ժողովուրդը որքան սխալ տպաւորութիւններու տակ դրուած է «Հայ» կոչուած ժողովուրդին նկատմամբ։

Կուտանք թարգմանաբար:

Աշխարհ եկայ Մուշի Պուլանըք գիւղաքաղաքին մէջ։ Ծնողքս իմ աշխարհ գալէն երկու տարի առաջ փոխադրուած էր այս գիւղաքաղաքը։ Հայրս ժողովրդային ուսուցման կեդրոնի տնօրէնն էր։ Պիլիճան եւ Սիւփհան լեռներու միջեւ` Մուրատ գետի կողմէ ոռոգուած շատ լայն տարածքի մը վրայ հաստատուած էր այս գիւղաքաղաքը։ Պուլանըք կը կոչուէր։ Ամրան եղանակին ցուրտ եւ անջրդի վայր մըն էր։ Տաքէն կը խարկուէի։ Ցերեկէ ետք հով մը կ՚ելլէր եւ կիզիչ հողերը որպէս փոշի մեր երեսին կը ցանէր։ Շրթունքներս միշտ ճաթռտուքներ կ՚ունենային։ Խաղընկեր մը եւ շուք տեղ մը չունէի։ Ձմեռները խստաշունչ կ՚ըլլային։ Կը սառէի։ Դպրոցէն վերադարձիս վառարանին կը փակէի եւ կուլայի։ Ձմրան ամենագեղեցիկ երեւոյթը ճեփ-ճերման ձիւնի տեսարանն էր։ Իսկ գարուն եւ աշուն կը նշանակէր՝ ցեխ։ Ամէն տեղ եւ ամէն բան ցեխի մէջ կը թաթխուէր։

Պաշտօնեայի զաւակ էի։ Հայրս երբ իր գործը աւարտէր, պաշտօնեաներու հաւաքավայրը կ՚երթար, իսկ ես ալ պաշտօնեաներու զաւակներուն հետ կը խաղայի։ Մեր շրջապատին եւ իմ գացած դպրոցիս նախակրթարանին եւ միջնակարգին մէջ թրքերէնէ տարբեր լեզու խօսող անձ չկար։ Մեր թաղէն դուրս` Թէյղութի մէջ, ուր հօրեղբայրներս կ՚ապրէին, կը լսէի, որ տարբեր լեզու մը` քրտերէն կը խօսուէր։ Մինչեւ որ միջնակարգը աւարտեցի՝ հոն ապրեցայ, իսկ լիսէի տարիներուս, երբ հօրեղբայրներուս քով կ՚երթայի, քիւրտ ընկերներ բնաւ չունեցայ։

Հայերէն խօսող ոչ մէկուն հանդիպեցայ։ Բայց թէ Պուլանիքի եւ թէ Թէյղութ գիւղին մէջ, ուր յաճախ կ՚երթայի, Հայկական գերեզմաննոց մը կար։ Գերեզմաննոց որ կ՚ըսեմ, քարեղէն կառոյց չկար, այլ արտի նման տափարակ տեղ մըն էր, վրայէն կ՚անցնէինք ու կ՚երթայինք, գնդակ կը խաղայինք։ Այդ վայրը մեզի համար նշանակութիւն մը չունէր։ Կը յիշեմ նաեւ այն բարձունքը, որուն գագաթին վրայ սեւագոյն խաչ մը կար, ուր կ՚երթայինք այնտեղէն վար սահելու համար։ Շատ ուշ էր, որ հասկցայ, թէ հայ բառը, քիւրտի, թուրքի հետ նոյնիմաստ բառ մըն էր։ Հայ` կը նշանակէր գրեթէ բոլորին կողմէ գործածուած հայհոյանք մը, որուն իմաստը անծանօթ էր ինծի։ Քոյրերս, մայրս, հայրս եւ ամէն ոք, եթէ մէկուն բարկանային, «Էրմէնի» կը պոռային իրարու։ Ինծի ալ շատ ըսուեցաւ այդ բառը։ Ես ալ շատ անգամ ըսի ուրիշներու։ «Էրմէնի» հայհոյանքին աւելի ծանր բառը աւելի մեծեր ուրիշ մեծերու համար կը գործածէին «Հայու ծին» (Էրմէնի տէօլիւ)։ Մինչեւ այսօր կը գործածեն, ինչպէս՝ «Հայու ծին Աբօ»։

Հազիւ միջնակարգի մէջ էի, որ սորվեցայ, թէ հայն ալ թուրքի, քիւրտի նման մարդու տեսակ մըն էր։ Այո’, մարդու տեսակ մըն էր, որ ապստամբութիւն ըրած, մեզ կռնակէն հարուածած, ջարդած-կտրած, մեր ամենամեծ թշնամին եղած էր։ Շնորհիւ վարժարանիս` այս հայհոյանքին իմաստը ըմբռնած եղայ։ Հայերը թշնամի էին։ Սակայն վերացական իմաստով թշնամիներ էին, որովհետեւ գոյութիւն չունէին։ Չհարցուցի, թէ ո՞ւր գացած էին այդ թշնամիները։

Մուշը հայերէն էր։ Իմ ծնած գիւղաքաղաքը, այսինքն` Պուլանըքը, մենք այդպէս կ՚ըսէինք, բուն անունով Բուլանեղ, մէկ մըն ալ Գոփ կը կոչուէր։ Ամէնէն տարածուն անունն ալ Գոփ էր։ Նոյնիսկ գիւղաքաղաքի ոտնագնդակի խումբին անունը «Գոփսփոր» էր։ Գոփը քրտերէն բառ էր։ Բուլանեղ` հայերէն։ Հօրեղբայրներուս գիւղը կը կոչուէր Դեղնուդ, անոր դրացի գիւղը՝ Օտունչոր, անոր քովինը՝ Գոթալի, անոր քովինը՝ Ապրի, Առինճիք…։ Ասոնք ալ հայերէն անուններ էին։ Մեր գիւղերուն բոլոր անուններն ալ, հոգ չէ թէ ոեւէ մէկը չգործածէր, ծաղիկներով, միջատներով անուններ էին։ Այսպէս՝ Պալօթու, Եօնճալը, Կիւլչիմէն, Կիւլլիւօվա եւլն.։ Մուշ քաղաքը հայերու կողմէ բնակուած ամէնէն բազմամարդ եւ ցեղային տեսակէտէ ամէնէն միահամուռ կազմութիւնն ունեցող քաղաքը եղած էր։ 1915-էն առաջ Մուշի 339 գիւղերուն մէջ կ՚ապրէին 140.555 հայեր։ Այս քաղաքին մէջ կային հայապատկան 299 եկեղեցիներ, 94 վանքեր, 53 աղօթատեղիներ եւ 5.669 աշակերտներով 135 վարժարաններ։ Տարօնցի Մամիկոնեան իշխանի գտնուած շրջանին մէջ հայերը բնակութեան հինգ շրջաններ ունէին` Մուշ, Սասուն, Մանազկերտ, Բուլանեղ (Պուլանըք) եւ Վարդօ (Կումկում)։ Ահաւասիկ այսպիսի տեղ մը ծնած ու մեծցած էի ես, ուր հայեր երբեք չկային այլեւս, այլ կային հայերու կողմէ այս վայրերուն տրուած անունները եւ առանց շիրմաքարի գերեզմանները։ Իսկ քիւրտերը կային, բայց անոնք ալ մեզի համար ոչինչի համազօր անձեր էին։

Կրակը տաք էր տակաւին իրականութեան մէջ, ուրեմն հաւանաբար շատ հեռացած չէին դեռ, բայց չկային։ Բնաւ չխորհեցայ հարցնելու շուրջիններուս, թէ ո՞ւր են այս մարդիկը։

Այդ հողերուն վրայ ո’չ մէկ հայ ճանչցայ։ Լիսէի ուսումս ստացայ Եշիլգիւղի մէջ։ Հոն ալ ո’չ մէկ հայ ընկեր ճանչցայ։ Համալսարանի մուտքի քննութիւններու ընթացքին, երբ լսեցի, թէ հայկական միջնակարգի մը մէջ քննութիւն պիտի անցընէի, դասընկերներէս մէկը, հաւանաբար անոր համար որ ես ձախակողմեան եղած էի, ըսաւ. «Է’յ, ճիշդ քեզի համեմատ տեղ մը ելեր է բախտիդ»։ Լուռ մնացի։ Չէի գիտեր` ինչ ըսել։

Համալսարանի տարիներուս առաջին անգամ հայ ընկեր ունեցայ։ Նոյնիսկ անոր հետ նոյն բնակարանը բաժնեցինք, որովհետեւ քաղաքական նոյն տեսակէտները կը պաշտպանէինք։ 12 սեպտեմբերի պայմաններուն մէջ բաներ մը ընել կը ջանայինք։ Այս կացութիւնը մեզ ժամադրած էր միեւնոյն բնակարանին մէջ։ Անոր հետ իմ հաստատած ընկերութիւնը չեմ գիտեր թէ ջնջե՞ց «Հայ» անուան շուրջ ինծի թելադրուած հայհոյանքը։ Օր մը ան ինծի արցունքոտ աչքերով պատմեց, թէ ինք, բացի ձախակողմեան մտածողութեան տէր ըլլալէ, հայ ըլլալուն համար տառապանքներու ենթարկուած էր, զինուորութեան ընթացքին նեղութիւններ կրած էր։ Այդ օրերուն բնաւ չէի խորհած, թէ այս հողերուն վրայ հայ ըլլալ ի՞նչ տեսակ զգացողութիւն մըն էր։

Մեր խնդիրը իբրեւ թէ յառաջիկայ գեղեցիկ օրերու, ընկերավարութեան եւայլն խնդիր էր, բայց Սարգիսը ներկան էր եւ իրական։ Լիսէի մէջ ուսանող իմ զաւկիս հետ միասին թերթերու մէջ իր հրատարակած յօդուածներէն ու հեռատեսիլի յայտագիրներու իր մասնակցութենէն ճանչցանք Հրանդը։ Գրեթէ իմ աչքերուս առջեւ լուծուած էին այն գաղտնիքները, որոնք ինձմէ պահուած էին իմ ծննդավայր հողերուս վրայ։ Իսկ այն, ինչ որ ամէնէն սարսափելին էր, այս խնդրին մէջ գործող քաղաքական գաղտնի ղեկավարութեան հզօրութիւնն ու յաջողութիւնն էր։ Այդպէս է, որ ան ամբողջովին կուրացուցած էր մեր զգացումները, եւ ասիկա այսօր ալ կը շարունակուէր։ Եւ մինչ կ՚ապրէինք այս շուարումը, չէինք գիտեր, որ մեր երկրի «ազնուական արեան տէրերը» լոյս աչքով քայլ առ քայլ պատրաստութիւն կը տեսնէին զայն մէջտեղէն վերցնելու համար։ Օր մը զաւակս ինծի ըսած էր, որ հեռատեսիլի յայտագրի ընթացքին միակ անձը, որ շնորհքով ու ճիշդ բաներու մասին կը խօսէր, ա’ն էր։

Շատ չանցած զաւկիս ստիպուեցայ հաղորդել Հրանդին լուրը։

Խեղճ տղան հոն այդպէս սառեցաւ մնաց։

Բոլորին համար ներողութիւն կը խնդրեմ։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ