Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը(ՔՈՆԿՐԱ-ՃԵԼ) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց քեսապահայութեան ահաբեկման արարքը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին:
Քոնկրեսը հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշէ.«Խորապէս մտահոգ ենք Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ հայերուն դէմ ահաբեկչական յարձակումներէն: Միշտ ալ անոնց ցաւը, տառապանքը եւ գտնուած նուրբ վիճակը բաժնեկցած ենք: Ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք հայ ժողովուրդին եւ թիրախ դարձած բոլոր համայնքներուն, ներառեալ` ալեւիներուն»:
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը Թուրքիոյ քրտական շրջանի եւ քրտական սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները ներառող համախմբում մըն է: Քոնկրեսը եւ Քրտական համայնքներու միութիւնը միլիոնաւոր համակիրներ ունին, շարք մը զինեալ թեւեր եւ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ 103 քաղաքապետութեանց կը տիրեն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 36 երեսփոխաններ ունին:
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը նաեւ ուժեղ քոյր կազմակերպութիւններ ունի, ինչպէս` Սուրիոյ քրտական շրջանին մէջ Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը, որոնք ժիհատական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առօրեայ ճակատումի մէջ են:
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը կ՛ընդգծէ, որ մինչեւ հիմա շրջանի ժողովուրդներուն միջեւ որեւէ բռնարարք տեղի չէ ունեցած, եւ «վերջերս տեղի ունեցած յարձակումները գործուած են օտար ահաբեկչական տարրերու կողմէ, որոնք թրքական իշխանութեան գումակային եւ բարոյական կենսական աջակցութենէն կ՛օգտուին»:
Այս առումով Քեսապը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ հայերով բնակուած է, խորհրդանիշն է հայերու բռնագաղթերու եւ ջարդերու ողբերգական պատմութեան եւ «տակաւին ցաւ պատճառող յիշատակներուն այժմէականութիւնը կը պահպանէ», կը նշէ յայտարարութիւնը:
Քոնկրեսը կ՛ընդգծէ, որ Քեսապի մէջ վերջերս տեղի ունեցած յարձակումները, որոնք կը կրեն «Անֆալ արշաւ» անունը, կը ծառայեն ոչ իսլամ բնակչութեան մաքրագործման: Նոյն «Անֆալ» եզրն ու նոյն ձեւը Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ օգտագործուեցաւ այսօրուան Դաշնակցային Քիւրտիստանի (Իրաք) քիւրտ բնակչութեան դէմ: Ըստ Քրտական շրջանային կառավարութեան, 182 հազար քաղաքայիններ զոհ գացին այդ արշաւին:
Leave a Reply