
Իր ժողովուրդին հետ տեղահանուած ու աքսորական մեր կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մէկ ծիլն է այն հազարաւոր հոգեւորականներուն, որոնք, Համաշխարհային Ա. պատերազմի քօղին տակ, Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան ընթացքին, թրքական բարբարոսութեան ամէնէն դաժան միջոցներով կոտորուեցան Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ:
Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, մեր միաբանութիւնը Նախախնամողին հրաշագործութեամբ, ամէնէն դժուարին պայմաններուն տակ, տէր կանգնեցաւ իր վտարանդի ժողովուրդին եւ մեր հայրերու սրբազան ժառանգին:
Արդարեւ, մեր միաբանութիւնը, վեհափառ հայրապետներուն առաջնորդութեամբ, անցնող 99 տարիներուն ընթացքին սփիւռքեան դաժան պայմաններուն մէջ, եղաւ իր տարագիր եւ իրաւազրկուած ժողովուրդի զաւակներուն հետ, վերակազմակերպելով սփիւռքահայութեան հոգեւոր, կրօնական, կրթական ու մշակութային բազմերես կեանքը, ըլլալով անոնց համար կենդանի յոյսի փարոս եւ զանոնք առաջնորդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման ու հայրենիքի վերանկախութեան սրբազան նպատակին:
Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, կը վերանորոգէ իր ծառայական ուխտը եւ կ՛առաջադրէ.
ա.- Կազմաւորել հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ գիտակից նոր սերունդ, որ քաջածանօթ է իր պատմութեան եւ հետամուտ իր արդար դատին:
բ.- Որոնել եւ օգտագործել այն բոլոր միջոցները, որպէսզի ամբողջանայ հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարը եւ իրաւական փաստարկումներով հետապնդուի մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքը:
գ.- Ցոյց տալ աշխարհին, որ Թուրքիոյ ձեռքով, մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած է նաեւ մշակութային եղեռն, հայկական հարուստ ու դարաւոր քաղաքակրթութիւնը ենթարկուած է փճացման եւ ոչնչացման, որուն հետեւանքով նաեւ տուժած եւ աղքատացած է ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը:
դ.- Ի մի հաւաքել հայկական Կիլիկիայէն փրկուած գանձերը եւ զանոնք ապահով կերպով պահպանել ու ցուցադրել կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:
ե.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ապրիլի 24-ին, հռչակել մեր նահատակներուն սրբադասումը:
զ.- Վերանորոգ յանձնառութեամբ մեր ազգի հաւաքական յիշողութեան մնայուն առանցքը դարձնել մեր արդար իրաւունքներու հետապնդումը:
Ուստի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, իր ուխտը կը վերահաստատէ` շարունակելու իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը, ի փառս Աստուծոյ, ի սպասաւորութիւն մեր ժողովուրդին եւ ի պայծառութիւն մայրենի սուրբ եկեղեցւոյ:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Leave a Reply