Պոլսոյ մէջ ցոյց՝ քեսապահայերուն համար

Պոլսոյ Մէջ ՑոյցՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, ապրիլ 5ի յետմիջօրէին, Կալաթասարայի «Լիսէ»ին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ՝ Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքի հայերուն դէմ ի գործ դրուած տեղահանութեան եւ թալանի դէպքերուն համար։

Ցոյցը իրականացաւ լրագրող Մուրատ Էզերի ջանքերով։ Մեծ բազմութեան մը ներկայութեան կարդացուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն։ Ժողովուրդը մեղադրական կարգախօսներով յանկերգեց՝ քննադատելով Քեսապի դէմ որդեգրուած եւ ի գործ դրուած յոռի քաղաքականութիւնը։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ, մարդասիրական ընկերութիւններ, միութիւններ եւ իրաւասու հաստատութիւններ այս դէպքին դիմաց լուռ մնան եւ ստեղծուած կացութիւնը չպախարակեն, ապա 15 օր ետք պիտի կատարուի աւելի կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը։

http://asbarez.com/arm/189565/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2014
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ