Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչցաւ իր արեւելեան հարեւան Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Թէեւ Թուրքիան Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկիրներու շարքին էր, բայց տրամադրուած չէր դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու։ Բացառութեամբ Լենինականի (Կիւմրիի) եւ Կարսի միջեւ շաբաթը մէկ անգամ գործող ուղեւորատար գնացքի` Խորհրդային Միութեան տարիներուն անգամ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանները կնքուած մնացին։ 1992 թ. Թուրքիա արտօնեց Եւրոպայէն ղրկուած պարենային օգնութիւնը այդ երկաթուղային գծով Հայաստան հասցնելու։ 1993 թ. Թուրքիա միակողմանի եւ ամբողջութեամբ «կնքեց» (փակեց) Հայաստանի հետ իր ցամաքային սահմանը՝ ի պատասխան ԼեռնայինՂարաբաղի պատերազմին։ Այդ ժամանակէն ի վեր Կարս-Կիւմրի գնացքները դադրած են, ուղիղ առեւտուրը եւ տեղաբնակներու միջսահմանային գործունէութիւնը՝ արգելափակուած։ Փակ սահմաններու քաղաքականութիւնը ուժի մէջ է մինչ այժմ։
Կնքուած սահմանը կը շարունակէ զգալի ազդեցութիւն ունենալ սահմանի երկու կողմի հասարակութիւններու կեանքին եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանի վրայ՝ ներառեալ պատերազմական ճեղքը Սուրիոյ մէջ, որ տուն կը հանդիսանայ բաւական մեծ թիւով հայ ծագումով բնակչութեան համար։ Շրջափակման տնտեսական, քաղաքական սոցիալական եւ բնապահպանական հետեւանքները տեսանելի են ամէնուր։ Եթէ սահմանը փակելու նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումն էր, ապա, թերեւս այն ունեցած է հակառակ ազդեցութիւն։
Այս համաժողովը նպատակ ունի անդրադառնալու «փակ սահմանի քաղաքականութեան»՝ անոր քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական, բնապահպանական, մարդասիրական եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն, ինչպես նաեւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան կառուցման հեռանկարներուն։ Յատկապէս նպատակն է շեշտել հետեւեալ հարցերն ու խնդիրները:
Ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ՚ունենայ կնքուած սահմանը սահմանամերձ շրջաններու, սահմանին այն կողմ գտնուող բնակիչներու տեսակէտներու եւ առօրեայ կեանքի վրայ։ Իր հերթին, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ բաց սահմանի ազդեցութիւնը անոնց վրայ։ Սահմանի բացումը կրնա՞յ ծառայել որպէս տնտեսական զարգացումը արագացնող գործօն։ Որո՞նք են տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ համապարփակման բաց թողուած հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ տարածաշրջանի պատկերը 30 տարի ետք, եթէ ենթադրենք, որ կան բաց սահմաններ, եւ հաւանաբար, ընդհանուր կամ ազատ տնտեսական գօտի։
Ինչպէ՞ս կրնայ սահմանը ազդել Կովկասի տարածաշրջանային համապարփակացման եւ համագործակցութեան։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Նախիջեւանի հետ «բաց դռներու քաղաքականութեան» ազդեցութիւնը։ Բաց սահմանը կրնա՞յ հանդէս գալ որպես արագացուցիչ՝ Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան համախմբման եւ որպէս կայուն եւ անվտանգ ուժանիւթի ու փոխադրութեան հանգոյցը անոր՝ Եւրոպային պարփակման համար։
Սահմաններու մասին խօսելու ատեն իրականութեան մէջ ինչի՞ մասին կը խօսինք։ Ի՞նչ կը նշանակէ այն՝ տարածքի, քաղաքացիութեան, ինքնիշխանութեան,պատկանելութեան, համաշխարհայնացման, ազատութեան, իշխանութեան, տոհմիկութեան, ազգութեան եւ ինքնութեան տեսանկիւնէն։
Կնքուած սահմանները ինչպէ՞ս կ՚ազդեն շրջակայքի վրայ։ Ի՞նչն է ճարտարապետութեան, փոխադրութեան, քաղաքային եւ գիւղական դասաւորման, համայնքներու, շրջակայ միջավայրի ու գաղթի վրայ ունեցած ազդեցութիւնը:
Ի՞նչ է ապահովութեան ուղղուած սահմանային կառավարման ազդեցութիւնը՝ սոցիալական հիւսուածքին։ Իսկ ի՞նչ ըսել կառավարման, ռազմական խարիսխներուեւ սահմանապահներու մասին։
Որո՞նք են սոցիալական քաղաքականութեան տարբերակները եւ կնքուած սահմաններու համար նախաձեռնութիւնները։ Արդեօք զբօսախաղերը, արուեստական եւ մշակութային գործունէութիւնները, ուսանողներու փոխանակման ծրագիրները կրնա՞ն դեր խաղալ։
Որո՞նք են լեզուի, գրականութեան եւ արուեստի մէջ սահմանահատումներու օրինակները։ Ինչպէ՞ս սահմանը կը վերարտադրուի որպէս մշակութային ֆենոմէն։ Ինչպէ՞ս հատել սահմանները։
Այսպիսի հարցադրումներ ընելով՝ համաժողովը, այլ նպատակներու կողքին նպատակ ունի նպաստելու բաց թողուած հնարաւորութիւններու մասին միջսահմանային երկխօսութեան եւ խրախուսել խոչնդոտները վերացնելու եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ու ամբողջականացման նպաստելու նախաձեռնութիւններուն։
· Համաժողովին կրնան մասնակցիլ պատմութեան, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, ընկերաբանութեան եւ տարածաշրջանային ժողովրդագրութեան ոլորտին աշխատող հետազոտողները։
· Համաժողովի աշխատանքային լեզուները ըլլալու են անգլերէն, թրքերէն եւ հայերէն։
· Հարց-պատասխանի, նիստերու եւ քննարկումներու համար ժամանակ խնայելու նպատակով ամէն խօսնակ ներկայացման համար կ՚ունենայ 20 վայրկեան։
· Իսթանպուլէն դուրս գտնուող մասնակիցներու երթեւեկի եւ կեցութեան ծախսերը կը հոգայ կազմակերպող կողմը, եթէ իրենց անդամակցած հաստատութիւնը չի կրնար ապահովել։;
· Համագումարին ելոյթ ունենալ ցանկացողները պէտք է իրենց նիւթի ամփոփումը (250 բառ) եւ ինքնակենսագրականը ղրկեն հետեւեալ ել-հասցէին մինչեւ 30 Մայիս, 2014 թ.։ [email protected]
· Ներկայացուած նիւթերը կը հրատարակուին իբրեւ համաժողովի զեկոյցներ՝ Հրանդ Տինք Հիմնադրամի կողմէ։
Գիտական խորհուրդ
Ասաֆ Սավաշ Աքաթ (Պիլկի համալսարան, Թուրքիա)
Ալեքսանդր Իշխանեան (Կովկասեան ինստիտուտ, Երեւան)
Զիւմրիւտ Իմամօղլու (Պահչէշէհիր համալսարան, Թուրքիա)
Ահմէտ Ինսէլ (Կալաթասարայ համալսարան, Թուրքիա)
Ռայմոնտ Գէորգեան (Փարիզի համալսարան, Ֆրանսա)
Ֆուաթ Քէյման (Սապանճը համալսարան, Թուրքիա)
Ժիրայր Ջ. Լիպարիտեան (Միչիկընի համալսարան, հանգստեան կոչուած, ԱՄՆ)
Նէշէ Էօզկէն (Միմար Սինան համալսարան, Թուրքիա)
Վոլքան Վուրալ (Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտրական միութիւն, Թուրքիա)
Թոմաս Տէ Վոլ (Carnegie Endowment for International Peace, ԱՄՆ)
Կազմակերպիչ յանձնախումբ
Ճենկիզ Աքթար
Սիպէլ Ասնա
Պուրճու Պէճէրմէն
Իպրահիմ Պէթիլ
Տելալ Տինք
Էթիէն Մահճուպեան
Սոլի Էօզէլ
Նէշէ Էօզկէն
Ամպէրին Զաման
3 Ek




Leave a Reply